ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանաբնակ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատ, ինչպէս կը նախատեսուի, Սեպտեմբերին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ պիտի իրականացնէ իր հերթական մրցամարտը: Այս անգամ Կ. Մուրատ, սպանացի բռնցքամարտիկ Կապրիէլ Քամբիլէոյի հետ մրցամարտին պիտի վիճարկէ Բռնցքամարտի համաշխարհային դաշնակցութեան վարկածով կիսածանր կշիռքի կարգին մէջ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Կ. Մուրատ այս դաշնակցութեան վարկածով իր կշիռքի կարգին մէջ ախոյեան է: