
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան լոյս ընծայեց «Յուշատետր» իր շարքէն նոր հատոր մը, որ այս անգամ կոչուած է «Հիւանդութեան օրեր»։ Այս հատորը միւսներէն կը տարբերի անով, որ ան կը բովանդակէ հեղինակին յուզումնալից ապրումները՝ սրտի վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած օրերէն։
Հատորին առաջին 24 յօդուածները ի մի կը բերեն գործողութեան յաջորդող օրերու ընթացքին ապրուած յուզումները կամ ուրախութիւնները։ Հոս շարքը կը դառնայ իրական «յուշատետր» մը, ուր հեղինակը իր անձին ու իր ապրած փորձութեան շրջանին հետ գլուխ գլխի կը մնայ։
«Հրաշագործ Մայր Բնութիւն, որ երբեմն կամաց-կամաց բաներ մը կը քանդէ մեր մարմնին մէջ եւ երբեմն ալ կամաց-կամաց բաներ մը կը շինէ մեր մարմնին մէջ։ Սա վերջին մէկ ամսուան մէջ, բաներ մը շինուած ու վերանորոգուած էին մարմնիս մէջ։ Եւ ես անոնց համար երախտապարտ էի ո՛չ միայն Մայր Բնութեան, այլ սիրելիներով, բարեկամներով, գործակիցներով, բժիշկներով ու հիւանդապահներով, նոյնիսկ ինծի անծանօթ ինչ-ինչ մարդոցմով լեցուն աշխարհի մը։ Երախտապարտ էի եւ եթէ դեռ պիտի ապրէի, անշուշտ որ ես ալ բաներ մը ընելով՝ պիտի վճարէի անոնց նկատմամբ իմ պարտքը», կը գրէ հեղինակը:
Այս հատորը վկայութիւն մըն է հիւանդութեան ու վերանորոգութեան այդ օրերէն։ Աւելի քան 300 էջերէ բաղկացեալ այս նոր հատորին մէջ ընդգրկուած են նաեւ բազմաթիւ այլ յօդուածաշարեր, որոնք ընթերցողին կը փոխանցեն գրական, իմաստասիրական ու ազգային ապրումներ։ Այս հատորը, քանի մը նախորդներուն նման, հրատարակուած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի քաջալերութեամբ ու մեկենասութեամբ, իսկ կողքը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի ձեռամբ։