ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հալէպցի հանրածանօթ հայ բժիշկ, ընդհանուր վիրաբոյժ Ճոնի Հատտատ (Յովհաննէս Տէմիրճեան), իր բժշկական անձնակազմով ժամանած է Շուշի: Ըստ Շուշիի հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ Վիգէն Խաչատրեանի, հիւանդանոցի վիրաբուժարանին մէջ յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին պիտի իրականանան «բաց դռներու օրեր», որոնց ընթացքին Ճ. Հատտատ իր խումբին հետ անվճար վիրահատութիւններ պիտի իրականացնէ խպիպի, լեղապարկի եւ թութքի խնդիրներ ունեցող քաղաքացիներուն համար:
«Ճ. Հատտատ պարբերաբար նման բարեգործական առողջապահական ծրագրեր է իրականացնում Երեւանում եւ ՀՀ մարզերում: Այս անգամ նրա Շուշի այցելելը մեծ նուէր էր յատկապէս շուշեցիների համար, քանի որ դիմողների մեծ մասը հէնց բերդաքաղաքի բնակիչներն են», ըսած է Վ. Խաչատրեան:
Շուշիի հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ յառաջիկային Շուշիի մէջ պիտի շարունակուին առողջապահական բարեգործական ծրագիրները: Մասնաւորապէս, Յուլիս 1էն Շուշիի մէջ պիտի մեկնարկէ «բաց դռներ»ու նոր փուլը. «Շուշի կ՛այցելեն բժիշկների խմբեր Ֆրանսիայից ու Հայաստանից, որոնք բնակչութեանն ավճար ծառայութիւններ կը մատուցեն միքրովիրաբուժութեան, քթի փլասթիք վիրահատութեան, մանկական օրթոբետիայի եւ այլ բժշկական ծառայութիւնների մասով», յայտնած է Վ. Խաչատրեան: