ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցի մէջ «Մարքեզը հրաւիրենք Հայաստան» խումբ մը ստեղծուած է, որու անդամները նամակ ուղարկած են մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին՝ խնդրելով պաշտօնական հրաւէր ուղարկել ծանօթ եւ սիրուած գրող Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզին:
«Յարգարժան նախարար, ինչպէս տեղեկացուած էք, ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշմամբ 2012 թուականին Երեւանը հռչակուած է գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք, եւ մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանը հիւրընկալէ աշխարհահռչակ Գոլոմպիացի գրող, Նոպելեան մրցանակակիր Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզին», նշուած է նամակին մէջ:
Այս նամակը նախաձեռնող խումբը ունի աւելի քան 2500 անդամներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Մարքեզի հրաւէրը ընդունելու պարագային, կազմել յստակ ծրագիր եւ մասնակցիլ կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն: