
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքերը նոր պարզեցին, թէ օրեր առաջ «Youtube»ի վրայ յայտնուած եւ իբրեւ «Ֆեներպահչէ» թրքական ֆութպոլի ակումբին քայլերգը ներկայացուող «Թշնամին պիտի պարտուի, յաղթանակը մօտ է» երգին երաժշտութիւնը՝ «Զարթիր, լաօ» հայկական երգինն է, ուր կը հնչեն «հակաթրքական արտայայտութիւններ»:
Ինչպէս կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը, երգի բառերու հեղինակ Հաքան Եաւուզ տեղի ունեցածին առնչութեամբ յայտարարած է, թէ իրենք տեղեակ չէին երգին հայկական ծագման մասին, եւ յետայսու զայն պիտի չկատարեն: «Եթէ իմանայինք, նմա՛ն երգ չէինք երգեր: Այլեւս այդ երգը չենք երգեր», ըսած է Եաւուզ: