ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 9ին յայտարարեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, երկրին արտածումները նոր մրցանիշ մը հաստատած են, մինչ ներածումները նուազած են: Այս տուեալներուն պատճառով, Ապրիլ ամսուան առեւտրական բացը ակնկալուածէն աւելի նուազած է՝ հասնելով 43.7 միլիառ տոլարի, ինչ որ 6.7 տոկոսով նուազ էր, քան Մարտի տուեալը, եւ նուազագոյնը՝ Դեկտեմբերէն ի վեր:
Միւս կողմէ, անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը կը շարունակէ բարձր մնալ (427,000), ըստ Հինգշաբթի օր հաղորդուած տեղեկութեանց: Անոնց համաձայն, իններորդ շաբաթն է, որ նման դիմումներ 400,000ի սահմանէն վեր են, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ անգործութեան մակարդակը նուազեցնելու ջանքերու յաջողութիւնը: