
Ուրբաթ, Յունիս 10ին, Քալիֆորնիոյ Սանթա Ինեզի քաղաքի բնիկ հնդիկներու «Չումաշ քազինօ» խաղատան մէջ կայանալիք թեթեւ կշիռքի բռնցքամարտիկներ Արթ «Արիւծասիրտ» Յովհաննիսեան-Արչի Ռէյ Մարքեզ մրցումը, ուղղակի պիտի պատկերասփռուի «Շօթայմ»ի մարզական բաժինէն՝ «ShoBox»էն, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ:
Գիւմրիէն Կլենտէյլ հաստատուած 29ամեայ Յովհաննիսեան, որ մաս կը կազմէ հայ բռնցքամարտիկներու «HyeFighter» ակումբին, Ապրիլին կայացած իր վերջին մրցումին ընթացքին պարտութեան մատնած էր Հոզէ Ալֆրետօ Լուկօն:
Մրցումին մուտքի տոմսերը 35էն 85 տոլարի միջեւ են եւ կարելի է զանոնք ապահովել www.startickets.com կամ www.chumashcasino.com կայքերէն: