ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 3ին հաղորդեց, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին, կարելի եղած է ստեղծել միայն 54,000 նոր աշխատատեղ, որուն հետեւանքով անգործութեան համեմատութիւնը, Ապրիլին արձանագրուած 9 տոկոսին փոխարէն՝ բարձրացած է 9.1 տոկոսի:
Վառելանիւթի գինին աճը, արտադրութեան նուազումը եւ տնտեսութեան նկատմամբ քաղաքացիներու վստահութեան անկումը անգործութեան համեմատութեան աճին պատասխանատուները կը նկատուին:
Յայտնենք, թէ Փետրուար, Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, միջին հաշիւով ամսական 220,000 աշխատատեղ կարելի եղած էր գոյացնել: