ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հիւլէական կայաններու վիճակը վերահսկող «ՄԱԳԱՏԷ» միջազգային մարմինի հովանաւորութեամբ գործող OSART յանձնախումբը աւարտած է Հայկական հիւլէակայանի շահագործման անվտանգութեան վիճակին մասին իր կատարած ուսումնասիրութիւնը:
Հինգշաբթի, 2 Յունիսին, OSART յանձնախումբի ղեկավար Կապոր Վամոս, կատարուած ուսումնասիրութիւններու ամփոփման նուիրուած ասուլիսին ընթացքին, ըսաւ, որ իրենց խնդիրը չէ հիւլէակայանի անվտանգութեան մակարդակի որակական կամ քանակական ընհանուր գնահատականներ տալը:
Ըստ անոր, կատարուած ստուգումներու շրջանակէն ներս եղած են կառավարումը եւ կազմակերպական կառուցուածքը, շահագործումը, ճարտարագիտական սպասարկումը, շահագործման փորձը եւ սարքերու մակարդակը:
Վամոսի խօսքով, վերջնական հաշուետուութիւնը տակաւին պատրաստ չէ, բայց նախնական ճարտարագիտական արձանագրութիւններով տրուած են 16 յանձնարարականներ եւ կատարուած՝ 14 առաջարկ:
«ՄԱԳԱՏԷ»ի քաղաքականութիւնն այնպիսին է, որ հիւլէակայանները չի դասեր ըստ վտանգի աստիճանին, բայց հայկական հիւլէակայանին ներկայացուած առաջարկներուն թիւը աննախադէպ չէ», ըսաւ ան, աւելցնելով, թէ հիւլէակայանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքով հասած են այն եզրակացութեան, որ թէեւ բոլոր հիւլէակայանները վտանգ կը պարունակեն, Հայկական հիւլէակայանին մէջ վտանգը ընդունելի մակարդակի վրայ է: