ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունիս 2ին կայացած ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի պահանջքով բացատրութիւններ ներկայացուց «Նաիրիտ»ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:
Նշենք, որ քիմիական արդիւնաբերութեան հսկան, որուն հիմնական արտադրանքը «քլորոփրենային քաուչուկ»ն է ու «լաթեքս»ները, գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր չի գործեր:
Ա. Մովսիսեան նշեց, որ «Նաիրիտ»ը 2006ին սեփականաշնորհուելէ ետք, առաւելագոյն արտադրողականութիւն ունեցած է 2007ին եւ 2008ին, երբ կազի 1000 խոր. մեթրի սակը 56 տոլար էր: Այնուհետեւ կազը սկսած է սղելու, ու նախարարին կարծիքով, ատիկա լրջօրէն ազդած է գործարանի ծրագիրներուն վրայ: Բացի կազէն, ինքնարժէքի կարեւոր տարր է նաեւ «պութատիէն»ը, որ քարիւղէն կը ստացուի: Սակայն միջազգային շուկային մէջ քարիւղի արժէքի բարձրացման պատճառով, սղած է նաեւ «պութատիէն»ը:
Այս բոլորին զուգահեռ, 2008-2009ի միջազգային ճգնաժամը բացասապէս անդրադարձած է նաեւ քիմիական արդիւնաբերութեան վրայ, եւ քաուչուկի գիներուն աճը ակնյայտօրէն զիջած է ուժանիւթերու գինի աճին:
Այնուամենայնիւ, նախարարը լաւատես է եւ կը հաստատէ, թէ «Նաիրիտ»ը դեռ պիտի վերագործարկուի: Սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է 400-500 միլիոն տոլարի ներդրում, ինչպէս նաեւ՝ նոր գործակատար, որ պիտի կարենայ «աշխատիլ մեծ փողերու հետ»: 2010ին կազմուած է «Նաիրիտ»ի վերագործարկման նոր ծրագիրը, որ էապէս կը տարբերի մինչճգնաժամային ծրագիրէն: