ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի (ԱԳՆ) պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարած է, թէ Ֆրանսան կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ ԱԺի կողմէ համաներում յայտարարելու որոշումը։
Ֆրանսայի ԱԳՆ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ՛ըսուի. «Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առիթով համաներումի յայտարարութիւնը ամբողջովին դրական քայլ է քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ հաշտեցման եւ ժողովրդավարական արժէքները յարգելու ճանապարհին: Ատիկա կը ցուցաբերէ Հայաստանի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը՝ շրջելու 1 Մարտ 2008ի դէպքերուն էջը, որուն հետեւանքով ցուցարարներէն շատերը մահացան եւ վիրաւորուեցան:
«Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ ՀՀ իշխանութիւններուն շարունակելու այդ ճանապարհը»: