ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) քաղաքական խորհուրդը իր Հինգշաբթի, Յունիս 2ի արտահերթ նիստի ընթացքին ճշդած է ցանկը այն անձերուն, որոնք պէտք է բանակցին իշխանութիւններուն հետ:
ՀԱԿի քաղաքական խորհուրդը հաստատած է պատուիրակութեան կազմը, որուն մէջ ընդգրկուած են՝ Լեւոն Զուրաբեան, ՀԱԿի կեդրոնական գրասենեակի համակարգող (պատուիրակութեան ղեկավար), Դաւիթ Շահնազարեան, Վահագն Խաչատրեան, Ֆելիքս Խաչատրեան եւ Սամուէլ Աբրահամեան: