ԷæՄԻԱԾԻՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Յունիս 1ի հայրապետական տնօրինութեամբ, կարգալոյծ հռչակուած է Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը, նկատի ունենալով անոր կողմէ շարունակուող կարգազանց անուղղայ ընթացքը:
Կարգալոյծ հռչակուած հոգեւորականը այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին եւ պիտի կոչուի աւազանի անունով՝ Հրաչ Մանուկեան:
Ըստ Մայր աթոռի մամլոյ դիւանի տեղեկութիւններուն, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայիս 10էն սկսեալ կախակայուած է Աբէլ քահանայ Մանուկեանի քահանայագործութիւնը՝ Զուիցերիոյ մէջ հաստատուած կանոնական թեմի իրողութիւնը մերժելուն, նշանակուած առաջնորդական տեղապահին հանգամանքը չճանչնալուն եւ Մայր աթոռ ներկայանալու Հայրապետական հրահանգները չկատարելուն համար:
Նշենք, որ Աբէլ քահանային հրահանգուած էր մէկշաբաթեայ ժամկէտի ընթացքին ներկայանալ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: Կախակայման ընթացքին կարգազանց եկեղեցականին արգիլուած էր կատարել ծիսապաշտամունքային որեւէ արարողութիւն, հակառակ պարագային՝ կատարուած արարողութիւնը անվաւեր պիտի համարուէր։