ԻՍՐԱՅԷԼ, «Փանորամա».- «The Jerusalem Post»ի խմբագիր Ռեպեքա Աննա Սթոյլ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին եւ ընդգծած, որ ի հեճուկս թուրքերու մերժողական քաղաքականութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը անհնար է հերքել:
«Եթէ մենք կը դժուարանանք ներել այն ժողովուրդները, որոնք կ՛արհամարհեն մեր ողբերգութիւնը, ուրեմն մենք չենք կրնան արհամարհել այլ ազգի ողբերգութիւնը. ատիկա մեր բարոյական պարտքն է՝ ե՛ւ իբրեւ մարդ, ե՛ւ իբրեւ հրեայ», գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Քնեսեթի կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերով յանձնաժողովին յանձնարարուած է նախապատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծը եւ ներկայացնել խորհրդարանի հաստատման: Այդ մասին որոշումը պատգամաւորներու կողմէ ընդունուած է միաձայնութեամբ: Այդ առաջարկին հեղինակը պատգամաւոր Զաավա Կալէօնն է, որուն սատարած է խորհրդարանական միախառն կառավարութեան նախագահ Զէեւա Էլքինը, որ իր կարգին յայտարարած է. «Եկած է պահը վերջ դնելու Թուրքիան սիրաշահելու քաղաքականութեան եւ վերջապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: