
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս աւելի քան 400 կարիքաւոր երեխաներու համար խաղալիքներ նուէր տուած է՝ զանոնք փոխանցելով Կլենտէյլի Երիտասարադ քրիստոնեայ կանաց միութեան ու բնիկ ամերիկացիներով բնակեցուած Հարաւային Տաքոթայի Փան Ռիճ շրջանին մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց միջոցաւ:

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլըն Ասատրեան կը բացատրէ, թէ արդէն իսկ չորս տարիէ ի վեր նման ձեռնարկներ կ՛իրականացուին յանձնախումբին կողմէ, սակայն այս տարի որոշուած է «ժպիտները նաեւ Կլենտէյլէն դուրս բաշխել»՝ խաղալիքներ հասցնելով մինչեւ Հարաւային Տաքոթա, նկատի ունենալով տնտեսական այն վատ պայմանները, որոնց մէջ կը գտնուին շրջանի բնիկ ամերիկացիները: