«Ա.»
Շատ մը մտահոգիչ լուրերու պէս, վերջին շաբաթներուն շշուկ մը կը տարածուի լոս-անճելըսեան մեր գաղութին մէջ։ Շշուկ մը՝ Մխիթարեան Հայրերու վարժարանին փակման մասին։
Կը ցանկայինք, որ շրջան ընող շշուկը անհիմն ըլլար, պատասխանատուներ հերքէին լուրը։ Նման հերքում ոչ ոքի տրտմութիւն պիտի պատճառէ, իսկ ուրախացողներու առաջին շարքին պիտի ըլլանք մենք՝ մամուլի սպասարկուներս։
Սպասելով բաղձալի հերքումին, այս սիւնակով կ՛ուզենք ահազանգ հնչեցնել հայկական դպրոցի մը փակման հաւանականութեան մասին (կ՛ըսենք՝ հաւանականութիւն, որովհետեւ դեռ չենք ուզեր հաւատալ, որ փակման լուրը ճիշդ է։ Իսկ բնական ալ չէ, որ փակման լուրը յայտարարուի փողով-թմբուկով)։
Պէտք կա՞յ երկար-բարակ գրելու, վերլուծելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայկական դպրոցի մը փակումը, այն ալ՝ սփիւռքեան կենսունակ գաղութի մը մէջ։ Այս սիւնակը այդ մասին քարոզախօսութիւն ընելու տեղը չէ։
Այս վարժարանին վերջին տարիներու «Ոդիսական»ին մասին ալ բաւական շշուկներ շրջան ըրին. ոչ ոք ուզեց բարձրաձայնել տագնապը, հաւատալով, որ անիկա բարւոք լուծում կը գտնէ ուշ կամ կանուխ։ Վստահաբար կար նաեւ «ներքին գործերու միջամուխ չըլլալու» պարկեշտ կեցուածքը։ Սակայն երբ դպրոցին փակումը գրեթէ դարձած է ստոյգ իրողութիւն, անոր մասին ահազանգ չհնչեցնել՝ կը նշանակէ հրաժարիլ Գոյութեան Նպատակէ, կրաւորական մնալ հոն, ուր անտարբերութիւնը, ինքնին, յաւելեալ ծանրութիւն կու տայ ողբերգութեան։
Ի՛նչ որ ալ ըլլան հայկական վարժարանի մը փակման պաճառները, այդ վարժարանը ո՛ւր ալ գտնուի, փակումը, ինքնին, բոլորս ահազանգի մատնող ողբերգութեան մը համազօր է։ Մեր հիմնական մտահոգութիւնը՝ հայաբոյր օճախէ մը հայ աշակերտներու զրկուիլն է, այս պարագային՝ զրկանք՝ հայադրոշմ ու հայակերտ այն մթնոլորտէն, որ Մխիթարեան Միաբանութեանն է եղած դարերէ ի վեր։ Դեռ չենք խօսիր դաստիարակներու այն լուռ, բայց աղաղակող ներդրումներուն մասին, որոնք կը կազմեն հայկական կրթօճախ մը կանգուն պահող շաղախը, եւ որ ահա մէկ օրէն միւսը չիք կը դառնայ։
Մեր մտահոգութիւնը բազմապատկող պատճառներ կան։ Փաստօրէն, այս կրթօճախին փակման անմիջական պատճառներուն մէջ բաժին ունին տնտեսական համընդհանուր տագնապին անդրադարձները։ Բայց չտարուինք նաեւ մեր շուքին մէջ պահուըտելու խաբկանքով։ Այս տագնապը միայն Մխիթարեան վարժարանը չի վտանգեր, այլ անոր մագիլները կ՚երկարին մեր կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութեանց ուղղութեամբ։
…Շուրջ հինգ տասնամեակ առաջ, ամենօրեայ առաջին դպրոցը հիմնելու նետուած երախտաւոր «արկածախնդիրներ»ը բացին ճամբայ մը, որ այսօր մեր գաղութին պարգեւած է ազգային, յարանուանական թէ միութենական դպրոցներու հարուստ ծաղկեփունջ մը։ «Արկածախնդիրներ»ուն յաջորդող սերունդները չմնացին սկզբնական դրամագլուխը ծախսելու դիրքի վրայ, այլ զարգացուցին ու ընդլայնեցին բացուած ուղին։ Այսօ՞ր…
Պատասխանը յստակ է. կը գտնուինք ճիգերու համալրման ու սպառնալիքները ճակատէն ու յաղթակա՛նօրէն դիմագրաւելու հրամայականին դիմաց։ Մեր գաղութը ունի՛ այս ու նմանօրինակ տագնապներ դիմագրաւելու կարողականութիւնը։ Ծանօթ բարերարներու՝ կրնան արձագանգել նորերը, ոչ անպայման հսկայական ներդրումներով, այլ գաւաթ առ գաւաթ գոյացող աւազանով ու գետով։ Կը մնայ, որ յայտնաբերուի այդ ներուժը, կարողները չսպասեն հրաւէրի։ Յիշե՛նք Պոլիսէն մինչեւ այլ գաղութներու փորձառութիւնները։
Կրկնենք։ Շշուկներէն ծաւալող ահազանգը ուղղուած է բոլորիս՝ անխտիր։ Սփիւռքեան մեր զարթօնքի ու ծաղկումի պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք միշտ ալ յաջողած ենք ընդառաջելու նման ահազանգներու եւ արձանագրելու նոր նուաճումներ։