
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Մարմարա», «Հաարեց».- Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռովեն Ռիվլին Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած է, թէ խորհրդարանին մէջ ամէն տարի օր մը պէտք է յատկացուի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համար։ Ռիվլին աւելցուցած է. «Իբրեւ հրեայ մը եւ իբրեւ իսրայէլացի մը՝ իմ պարտականութիւնս կը նկատեմ ոգեկոչել ժողովուրդներու ապրած ողբերգութիւնները։ Որքան ալ կարեւոր նկատուին դիւանագիտական մտահոգութիւնները, ասիկա մեզի իրաւունք չի տար, որ ուրանանք ուրիշներու ապրած ողբերգութեամբ։
Հայկական պատուիրակութեան անդամներէն Ժորժէթ Աւագեան, այս հանդիպումէն ետք մամուլին յայտարարեց, թէ երկար ժամանակէ ի վեր այս նիւթին շուրջ շփումներ կ՛ունենային խորհրդարանի նախագահին հետ, սակայն աւելցուց, որ դժուար է ճշդել, թէ Իսրայէլի խորհրդարանը ե՞րբ պիտի հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ինչպէս հաղորդած ենք, Իսրայէլի խորհրդարանը Մայիս 18ին, առաջին անգամն ըլլալով որոշած էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը փոխանցել Կրթական յանձնախումբին, ուր բանաձեւին վաւերացումը աւելի հաւանական է, քան Արտաքին յարաբերութեանց եւ պաշտպանութեան յանձնախումբին մէջ:
Better late than never! You shouldn’t have waited so long for your relations to deteriorate with Turkey to
push this issue forward! Too little too late! And also don’t dance too close with the azeris, since you know,
that ilham alyiev is going to face the same fate as the late Shah of Iran (He simply doesn’t have his
daddy’s wisdom and experience)!!! (7)