ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Դիւանագիտական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներ սկսած են արշաւ տանելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, «ցուցարարներուն եւ ժողովրդավարութիւն պահանջողներուն դէմ արիւնալի իր արշաւին համար» Սուրիան դատապարտող որոշում մը գոյացնելու նպատակով: Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Փորթուկալ, այս առումով բանաձեւի նախագիծ մը շրջանառութեան մէջ դրած են, հակառակ անոր, որ այն կարելիութիւնը գոյութիւն ունի, թէ Ռուսիա զայն վեթոյի ենթարկէ։
Նախագիծը կը դատապարտէ «սուրիական իշխանութեանց կողմէ մարդկային իրաւանց դէմ կազմակերպուած բռնաբարումները, ներառեալ՝ խաղաղ ցուցարարներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւ լրագրողներու սպանութիւններ, կամայական ձերբակալութիւններ, անյայտացումներ եւ չարչարանքներ»։
Ի տարբերութիւն Լիպիոյ դէմ որդեգրուած ՄԱԿի բանաձեւին, Սուրիոյ դէմ բանաձեւը պատժամիջոցներու հաստատման կամ զինուորական միջամտութեան որեւէ ակնարկ չի պարունակեր։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալեմ, Չորեքշաբթի գիշեր, Դամասկոսի մօտ Քաթարի դեսպանին տան մէջ արաբ դեսպաններու հետ երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Չինաստան եւ Իրան Սուրիոյ դէմ ամերիկեան եւ եւրոպական պատժամիջոցները դատապարտող հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին, սակայն «ո՞ւր են մեր եղբայրները»…:
Մոաալեմ յայտնեց. «Կը կարծէինք, որ Եւրոպական Միութիւնը վստահելի գործընկեր մըն է, սակայն ի յայտ եկաւ, որ ան իր շահերը կը պաշտպանէ՝ ի վնաս մեր շահերուն»։ Ան նշեց, որ այդ երկիրները մեծ սխալ մը գործած են, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը թիրախ դարձուցած են, ինչպէս նաեւ խռովարարութիւնները քաջալերած են: Ան վստահեցուց, որ բարեփոխումներու հոլովոյթին պատճառով Սուրիա ներկայ տագնապէն աւելի հզօր եւ միակամ դուրս պիտի գայ։
Սուրիոյ մօտ Եգիպտոսի դեսպան Շաուքի Իսմայիլ նշած է, թէ արաբական երկիրներու՝ Սուրիոյ հանդէպ զօրակցական յայտարարութեանց բացակայութեան պատճառը այն է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներքին հարցերով զբաղած է։
Իր կարգին, Յորդանանի դեսպան Օմար Ամատ յայտնած է, թէ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը «արաբ ժողովուրդի շահերէն կը բխի», եւ աւելցուց. «Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը մեզ կը շահագրգռէ»։
Սուրիոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած է: