ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ՝ Լիպիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական միջամտութեան ջատագովներէն եւ նախագահական նախկին թեկնածու, ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն Ուրբաթ, Ապրիլ 22ին լիպիացի ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազի այցելելով՝ յայտնեց, թէ Մուամմար Քազաֆիի ուժերուն դէմ կռուող լիպիացի ըմբոստները իր հերոսներն են, միաժամանակ անոնց յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու կոչ ընելով: Ծերակոյտի Զինեալ ուժերու յանձնախումբին մէջ աւագ հանրապետական ծերակուտականը յայտնեց, թէ Պենկազի եկած է կացութեան մօտէն ծանօթանալու համար։ Ան հանդիպում ունեցաւ լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ կոչ ընելով համայն աշխարհին, որ խորհուրդը ճանչնայ իբրեւ Լիպիոյ օրինական կառավարութիւն: ՄըքՔէյն ցարդ Պենկազի այցելած ամենաբարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնատարն է։
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց յայտարարեց, թէ նախագահ Պարաք Օպամա արտօնած է առանց օդաչուի՝ «Փրետիթըր» տիպի զինեալ օդանաւեր օգտագործել Քազաֆիի ուժերուն դէմ։ Ցարդ ամերիկեան անօդաչու օդանաւեր միայն լրտեսական աշխատանք կը կատարէին:
Ըմբոստները կը գանգատին, որ Լիպիոյ մէջ գործողութիւններուն հրամանատարութիւնը ՆԱԹՕի փոխանցուելէ ետք, վերջինիս օդային հարուածները մեծ մասամբ ձախողած են Քազաֆիի ուժերը սանձել։ ՄըքՔէյն եւս քննադատեց Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն՝ ամերիկեան օդուժին մասնակցութիւնը դադրեցնելու որոշումը։