Տքնաջան աշխատանք, բերրի հունձք, արդար վաստակ։ Այսպէս միայն կարելի է ներկայացնել Շաբաթ, Ապրիլ 9ի երեկոն, երբ Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի հոգաբարձութեան տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Pandora on Green» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ «Մերտինեան»ի մեծ ընտանիքէն աւելի քան 250 մտերիմներու եւ բարեկամներու։ Ուրախ ու ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս եւ գոհունակ ժպիտներ կը տեսնուէին բոլորին, մանաւանդ պատասխանատուներու դէմքերուն վրայ։ Գոհ էին իրենց հոգիներէն ծնունդ առած գործով, իրենց անսակարկ նուիրումով, հասակ առած հաստատութեամբ եւ անշուշտ հպարտ կը զգային անոր գոյատեւման ի խնդիր աշխատելու իրենց ընծայուած առիթին համար։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ մարմինի ատենապետուհի Սօնա Խանճեանը։ Ան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ներկաները, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա ներկայացուց ու բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ Զաւէն Խանճեանը, որ վարժարանի հիմնադիր անդամներէն, անոր գոյութեան եւ նպատակին հաւատացող, ինչպէս նաեւ անոր անխոնջ ծառայողներէն մէկն է։
Ամերիկեան եւ ազգային քայլերգներու կատարումէն ետք խօսք առին նախ Հայաստանի Լոս Անճելըսի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ գնահատանքի խօսքերով շնորհաւորեց վարժարանին նեցուկ կանգնող իւրաքանչիւր մարմին, անհատ, եւ յարատեւ ջանք ու յաջողութիւն մաղթեց։
Ապա բեմ բարձրացաւ հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեան, որ տուաւ ընդհանուր ծանօթութիւններ դպրոցի վիճակին, յաջողութիւններուն եւ կարիքներուն մասին, կրկին անգամ հաստատեց իր հաւատքը՝ ուսման եւ յատկապէս հայ ու քրիստոնէական կրթութեան կարեւորութեան վրայ, եւ յայտնեց այս հաստատութիւնը ղեկավարող մարմիններու պատրաստակամութիւնը՝ զայն առաջնորդելու դժուարին գործին մէջ։
Ընթրիքէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ հմուտ ջութակահարուհի Մարի Հայկ, որ ներկաները հմայեց՝ անոնց հրամցնելով դասական եւ ժողովրդային հայերէն երգերու փունջ մը։ Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի անցեալ տարուան շրջանաւարտներէն Շուշան Գա-լստեան, որ արտասանեց Պարոյր Սեւակէն «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք» քերթուածը։ Վերջապէս սրահը թնդաց ծափերով ու ցնծութեամբ, երբ «Հայաստան» պարախումբը հրամցուց իր պարերը։
Մթնոլորտը հասաւ իր ջերմութեան գագաթնակէտին, երբ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան ներկայացուց հոգաբարձութեան կողմէ գնահատանքի արժանի նկատուած երկու կրթական մշակներ. առաջինը՝ Զեփիւռ Թալաթինեանն էր, որ անցնող 34 տարիներուն, որոնցմէ 25ը «Մերտինեան»ի մէջ, հայերէն լեզու սորվեցուց հայ փոքրիկներուն եւ զանոնք դաստիարակեց հայաշունչ ոգիով։ Երկրորդը՝ Արամ Պուլղուրճեանն էր, 45 տարիներու կրթական մշակ, ուսուցիչ, տնօրէն, որ ծառայած է Սուրիոյ, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ. անոնցմէ վերջինը եղած է «Մերտինեան»ը, որուն տնօրէնութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց 1984էն 1990, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։
Մեծարեալներու ներկայացումէն ետք անոնք բեմ բարձրացան. հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Նալպանտեան իւրաքանչիւրին յանձնեց գնահատագիր մը եւ նուէր մը։ Արդար գնահատանք անոնց, որոնք տիւ ու գիշեր, կեանքի ամենակարեւոր սնունդը կը ջամբեն ի սփիւռս աշխարհի ապրող հայ մանուկներուն։
Ձեռնարկի գլխաւոր պատգամախօսն էր Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ եւ «Մերտինեան» վարժարանի հպարտ ծնողք Փօլ Գրիգորեանը։ Ան շուրջ 2 տասնամեակ, որպէս իրաւաբան ծառայած է իր շրջապատին, ապա նետուած քաղաքական ասպարէզ։ Ընտրուած է Պըրպենքի ուսումնական խորհուրդի նախագահ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ, ապա Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ։ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ազգային պատկանելիութեան կարեւորութիւնը եւ յիշեց, թէ որպէս ազգ, մեզ կանգուն պահողներն են մեր լեզուն, գրականութիւնը, մեր եկեղեցին ու դարաւոր մշակոյթը: Ան խնդրեց գնահատել բոլոր անոնք, որոնք «Մերտինեան»ի մէջ կամ այլուր կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ։
Օրուան հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգորեանին եւ երեկոն վերջ գտաւ վեր. Գէորգ Դէրեանի օրհնութեան աղօթքով։
Եւ այժմ, որքան ճիշդ է կրկնել Սոնա Խանճեանի խօսքէն՝ «Կը փոխուին դերակատարները, դէմքերը, անունները, բայց ոգին նոյնն է՝ անխոնջ, ժրաջան, անդուլ»։ Այդ ոգին է, որ կ՛առաջնորդէ «Մերտինեան»ը եւ բոլոր հայ վարժարանները։ Կը խոնարհինք բոլոր դերակատարներուն, դէմքերուն եւ անուններուն դիմաց։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)