Երեքշաբթի, 22 Ապրիլի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Յարութեան տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի Հայ տարեցներու «Արարատ տուն»ը եւ իր աղօթքներն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վաստակաւոր հայ պապիկ-մամիկներուն՝ Ս. Զատկուան ուրախ մթնոլորտով պարուրելով անոնց հոգիները:
Ըստ Ազգային առաջնորդարանի տարիներու աւանդութեան՝ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու՝ Ս. պատարագով եւ աղօթասացութեամբ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց «Արարատ տան» բնակիչներուն, նոյն ատեն հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելով իւրաքանչիւր ապաստանեալի, որ յատկապէս մեծ տաղաւարներու ընթացքին ակնկառոյց կը սպասէ Հոգեւոր սնունդի, մխիթարական խօսքի եւ հայրական օրհնութիւններու:
Արարողութեան աւարտին, Ս. Յարութեան խորհուրդով ցնծեալ հայ տարեցները իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին առաջնորդին եւ հոգեւոր հայրերուն ու փոխադարձաբար ստացան հայրական ջերմ օրհնութիւններ եւ սրտագին բարեմաղթութիւններ:
