
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Այսօր».- Ապրիլ 22ին, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան ընդունած է Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որ կը գլխաւորէ ֆրանսական խորհրդարանի պատգամաւոր, Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէն:
Ողջունելով հիւրերը, Գէորգի Պետրոսեան նշած է այցին կարեւորութիւնը՝ ԼՂՀի իրողութիւններուն ծանօթանալու եւ զանոնք անաչառ եւրոպական հանրութեան ներկայացնելու տեսակէտէն:
Հիւրերը նշած են, որ այցելութեան գլխաւոր նպատակն է՝ Արցախը ցոյց տալ ֆրանսական «դպրոցասէր» խումբ մը մարզիկ աշակերտներու, որոնց այցը կազմակերպուած է բարերար Սարգիս Պետոյեանի կողմէ:
Ռընէ Ռուքէի խօսքերով, անկախութեան 20 տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղը յաջողած է շարք մը ձեռքբերումներ ունենալ պետական շինարարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ յետպատերազմեան վերականգնման ոլորտներուն մէջ: Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Ռիչըրտ Անանեան եւ պատուիրակութեան միւս անդամները, իրենց կարգին, նշած են իրենց պատրաստակամութիւնը այսուհետեւ եւս սատարելու Արցախի ժողովուրդի իղձերուն:
ԼՂՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հիւրերուն ներկայացուցած է ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժման եւ պետականաշինութեան հիմնական փուլերը՝ նշելով, որ համապատասխան ռազմավարական ծրագիրի իրականացման շնորհիւ, հանրապետութիւնը վերականգնողական փուլէն կ՛անցնի դէպի զարգացման փուլ:
Ան ընդգծած է, որ 2006ին հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունումը դարձաւ բեկումնային պահ, ապա ընդհանրացուցած է անկախ պետականութեան կառուցման տարիներուն ձեռք բերուած բոլոր նուաճումները:
Գէորգի Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ելեւմտական պատուիրակութեան անդամներուն՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի արդարացի լուծման հարցին աջակցելու համար: