ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Այսօր».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛իրականացուի առողջապահական երկրորդ ծրագիրը։ Մարտունիի շրջանային կեդրոնին մէջ հիւանդանոցի կառուցումը կ՛իրականանայ ԼՂՀ կառավարութեան նիւթական աջակցութեան շնորհիւ։
«Մարտունու հիւանդանոցի կառուցումը, վստահ եմ, որ մեր կողմից իրականացուած այլ ծրագրերի հետ միասին մեծ կարեւորութիւն կ՛ունենայ շրջանի վերականգնման եւ համալիր զարգացման համար», նշեց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
Հիմնադրամին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հին հիւանդանոցը ներկայիս կը գործէ խարխլուած շէնքի մը մէջ եւ զուրկ է նոյնիսկ բժշկական շտապ օգնութեան համար անհրաժեշտ պայմաններէ: Հիւանդանոցի խնդիրներուն մասին խօսելու ընթացքին, բժշկական հաստատութեան գործադիր տնօրէն Գրիգորի Գասպարեանը յայտնեց, թէ տարրական պայմաններու բացակայութեան պատճառով, հիւանդներէն շատերը բժշկական զննման ու բուժման նպատակով ստիպուած կը կտրեն աւելի քան 60 քլմ. ճանապարհ, որպէսզի Ստեփանակերտ հասնին:
«Բուժսարքաւորումների եւ կադրերի պակասն էլ որ լրացնենք, մեր հիւանդներին կը կարողանանք լիարժէք սպասարկել տեղում», յոյս յայտնեց տնօրէնը:
Անոր խօսքով, նորակառոյց բժշկական հաստատութիւնը պիտի ունենայ դարմանատուն, ախտորոշիչ, վիրաբուժական, շտապ օգնութեան բաժանմունքներ ու ծննդատուն: Տնօրէնին հաւաստիացումով, հիւանդանոցին մէջ օրական կարելի է սպասարկել 22 մնայուն եւ աւելի քան 60 այցելու հիւանդի:
Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան, իր կարգին նշեց, թէ նիւ-եորքահայ համայնքը կարեւոր կը համարէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առողջապահութեան զարգացումը: Բնակչութիւնը լիարժէք սպասարկելու նպատակով, հիւանդանոցին պիտի տրամադրուին բժշկական ժամանակակից գիտարուեստական սարքեր, իսկ բժշկական անձնակազմի եւ տնօրինութեան համար համապատասխանաբար պիտի կազմակերպուին վերապատրաստման եւ կառավարման դասընթացքներ:
Նշենք, որ Արցախեան ազատամարտին յաջորդող տարիներուն, «Հայաստան» հիմնադրամը կանգնեցաւ Արցախի կողքին՝ իր միջոցներուն զգալի մասը ուղղելով երկրի ենթակառուցուածքներու վերականգնման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.