ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Կոլ» հեղինակաւոր ֆութպոլային կայքը կազմած է իր վարկածով «Եուրօ-2012»ի ընտրական ընթացիկ փուլի լաւագոյն տասը խաղացողներուն տասնեակը: Լաւագոյն տասնեակի շարքին է Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Եուրա Մովսիսեանը:
Ընտրական «B» խումբի հաւաքականներէն միայն Հայաստանի խումբը ունի ներկայացուցիչ լաւագոյն տասնեակին մէջ:
Աղիւսակը կը գլխաւորէ հոլանտացի Կը Լաս-Եան Հունտելարը, որ մաս կը կազմէ Հոլանտայի ազգային խումբի կազմին: Նշենք, որ Մովսիսեան լաւագոյն տասնեակի վերջին դիրքը կը գրաւէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.