
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Նախ յստակացնեմ, թէ խորագիրին մէջ գործածուած մեծութիւնը կ՛առնչուի միայն ծաւալի, ու կապ չունի բառին խորհրդանշական իմաստին հետ, այլ ընդհակառակը, արմատականօրէն կը հակադրուի անոր:
Հարցը կ՛առնչուի «Ուոլմար»չ ընկերութեան դէմ բացուած եւ ընկերութիւնը կանանց դէմ խտրականութիւն ցուցաբերելու ամբաստանութեամբ այպանած դատին:
Միացեալ Նահանգներու գերագոյն ատեանը Երեքշաբթի, Մարտ 29ին սկսաւ քննելու կին պաշտօնեայի մը կողմէ բացուած դատը խմբային դատի մը վերածելու դիմումը, որուն պարագային, ընկերութեան 600,000էն 1.5 միլիոն կին պաշտօնեաներու անունով պիտի շարունակուի դատավարութիւնը:
«Ուոլմար»չ կը պնդէ, թէ նման դատ մը շատ բարդ ու մեծ պիտի ըլլայ եւ անղեկավարելի, ու այդ պատճառով ալ կը փափաքի, որ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ անջատ դատ բանայ՝ գործնականօրէն ապահովելով ընկերութեան յաղթանակը, որովհետեւ անհատ մը շատ դժուարութեամբ պիտի կարենայ դէմ դնել աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն:
Քանի մը տարի առաջ մեծութեան պատրուակը տնտեսական ճգնաժամի օրերուն շահագործուած էր նաեւ դրամատուներուն կողմէ, որոնք, ոտնակոխելով դրամատիրութեան տարրական սկզբունքներէն մէկը՝ պետութենէն միլիառաւոր տոլարի վարկեր ստանալով այժմ այնքան մը բարելաւած են իրենց վիճակը, որ սկսած են «լողալ դրամի մէջ», ու վերադարձած են զիրենք սնանկացման դուռը հասցուցած պաշտօնատարներուն միլիառաւոր տոլարի նուէրներ տալու սովորութեան:
Նման պատրուակներ գործածողները պարզապէս «մեղք եմ»ի քօղին ետեւ պահուըտած հսկաներ են, որոնք շուկաներու մենատիրութեան հասնելու իրենց ճամբուն վրայ, վճռած են ամէն ջանք ի գործ դնել:
Անոնք, ի հարկին, կ՛ուզեն, որ երկրին գործադիր, օրէնսդիր կամ արդարադատութեան իշխանութիւնները միջամուխ չըլլան իրենց գործերուն՝ նման միջամտութիւններ դրամատիրութեան սկզբունքներուն խախտում համարելով, սակայն երբ նեղ կացութեան մատնուին, անմիջապէս նոյն այդ մարմիններուն կը դիմեն, իրենց «պոչը ազատելու» համար: