
– Յորդանանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Մարտ 28ին ազատ արձակեցին անցեալ շաբաթ ձերբակալուած 24 այլախոհներ, որոնք պատասխանատու կը նկատուէին մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կատարուած ցոյցերուն՝ փորձելով լարուածութիւնը մեղմացնել: Յորդանանի բողոքի ցոյցերը սկած էին Յունուարին՝ պահանջելով քաղաքական բարեփոխումներ: Փետրուարին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը լուծարած էր կառավարութիւնը, իսկ վարչապետ Մարուֆ Պախիթ նոր կառավարութիւն մը կազմած էր:
– Լիբանանի մէջ համայնքային վարչակարգի տապալումին զօրակցող չորրորդ ցոյցը Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Ժիպէյլի մէջ: Հազարաւոր ցուցարարներ Ամշիթէն քալեցին մինչեւ Ժիպէյլ՝ մերժելով Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած վարչակարգը: Պէյրութի մէջ եւս տեղի ունեցան շարք մը այլ ցոյցեր, որոնք նոյնպէս կը պահանջէին համայնքային դրութեան տապալումը:
– Յունաստանի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Քարլոս Փափուլիաս Ապրիլ 4-6ին պիտի այցելէ Ատրպէյճան՝ ընդառաջելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին: Նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց նախարարը, ծովային հարցերու նախարարը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի փոխնախարարը:
– Ատրպէյճանի ընդդիմութիւնը որոշած է Ապրիլ 2ին Պաքուի մէջ բողոքի հաւաք մը իրականացնել՝ քաղաքական ու տնտեսական բարեփոխումներ պահանջելով:
– Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ հիւլէակայանի կառուցման հարցին մէջ ընկրկում չունի, եւ կ՛աւելցնէ, թէ Ճափոնի իրադարձութիւնները որեւէ կերպով պատճառ պիտի չըլլան, որ վերատեսութեան ենթարկուի սոյն ծրագիրը: Վարչապետ Էրտողան կը պնդէ, թէ շողարձակումէն վախցողները պէտք է գիտնան, թէ համակարգիչները եւս շողարձակում ունին…
– 1900ին, Նիւ Եորքի մէջ ձիով արկածի հետեւանքով մահանալու հաւանականութիւնը 19,000ի մէջ 1 էր, իսկ այսօր, նոյն քաղաքին մէջ ինքնաշարժի արկածով մահանալու հաւանականութիւնը՝ 26,000ի մէջ 1 է: