
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ, հակառակորդի գնդակով անգամ մը եւս հայ զինուոր մը սպաննուած է: Արդարեւ, ԼՂՀ Կուրոպատկինօ գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ, Մարտ 10ին հակառակորդին կողմէ արձակուած փամփուշտով զոհուեցաւ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ծառայող, 19ամեայ Արթուր Աղաբաբեանը:
Դէպքին առթիւ, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի.
«Դատելով վերջին օրերին ղարաբաղա-ադրբեջանական հակամարտ զօրքերի շփման գծում տեղ գտած հրադադարի ռեժիմի (կարգավիճակ) խախտման դէպքերի յաճախականութիւնից կարելի է յանգել այն եզրակացութեան, որ ադրբեջանական կողմը ոչ միայն չի կատարում սոյն թուականի Մարտի 5ին Սոչիի եռակողմ հանդիպման ընթացքում ձեռք բերուած փոխադարձ վստահութեան հետագայ ամրապնդման պայմանաւորուածութեան պահանջները, այլեւ իր նախայարձակ գործողութիւններով շարունակում է խորացնել առաջնային գծում տիրող լարուածութիւնը»:
ՊԲ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ պաշտօնական Պաքուի քարոզչամիջոցները կը ճգնին լկտիաբար ապակողմնորոշելու միջազգային հանրութեան կարծիքը, եւ հայկական կողմը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ. «Մասնաւորապէս, սոյն թուականի Մարտի 8ին, ադրբեջանական լրատուամիջոցների կողմից տարածուած այն լուրը, թէ իբր հայկական ուժերի կողմից սպաննուել է Աղդամի Օրթայ Քարուենդ գիւղի անչափահաս բնակիչ Ֆարիզ Պատալովը, դրա վառ ապացոյցն է: Շեշտենք, որ այս միջադէպի ճշգրիտ մանրամասները պարզելու նպատակով, Մարտի 10ին, ԼՂՀ իշխանութիւնների հետ նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը նախատեսեց դէպքի վայրում անցկացնել դիտարկում: Սակայն, չգիտես ինչու, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիկի առաջարկով, Ասկերանի ուղղութեամբ իրականացրած դիտարկման ժամանակ, ի տարբերութիւն ղարաբաղեան կողմի՝ ադրբեջանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութեանը դուրս չի բերել առաջնային գծի նախօրօք փոխհամաձայնեցուած կէտ, ինչի հետեւանքով, դիտարկման խմբերը ստիպուած են եղել դիտարկումն իրականացնել աւելի հեռաւոր տարածութիւնից», նշուած է ԼՂՀ ՊԲ յայտարարութեան մէջ եւ շեշտուած, թէ այդ հանգամանքը անգամ մը եւս կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ ատրպեճանական կողմը իր այդ քայլով, անգամ մը եւս փորձած է միջադէպին հետ կապուած ճշգրիտ մանրամասնութիւնները չբացայայտուած ձգել:
«Աւելին, դիտարկման օրը ադրբեջանական կողմը ոչ միայն ԵԱՀԿ առաքելութեան համար հնարաւորութիւն չստեղծեց՝ լիարժէք իրականացնելու առաջադրուած խնդիրը, այլեւ առաջնային գծի միւս բոլոր հատուածներում, իր սովորութեան համաձայն, բազմաթիւ անգամ խախտեց հրադադարի պահպանման ռեժիմը: Արդիւնքում, դիտարկումից ընդամէնը ժամեր անց, իսկ աւելի կոնկրետ՝ Մարտի 10ին, ժամը 4:20ի սահմաններում, Կուրոպատկինօ գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերից մէկում հակառակորդի կողմից արձակուած փամփուշտից զոհուեց ՊԲ ժամկէտային զինծառայող, 1992թ. ծնուած Արթուր Սամուէլի Աղաբաբեանը:
«Այս եւ միւս փաստերը անհերքելիօրէն ապացուցում են, որ ի տարբերութիւն հայկական կողմի, որը յարգում եւ հետեւողականօրէն կատարում է Մարտի 5ին Սոչիի եռակողմ հանդիպման արդիւնքում ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան պահանջները, Ատրպէյճանը շարունակում է իր սադրիչ գործողութիւններով խոչընդոտել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը:
«Այս ամէնից արուելիք եզրակացութիւնը հետեւեալն է. կ՛ամ ադրբեջանական բանակը անկառավարելի է, կ՛ամ էլ իր բոլոր նախայարձակ գործողութիւնները իրականացնում է վերադասի թելադրանքով: Մնացած հետեւութիւնները թողնում ենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմամբ զբաղուող միջազգային կառոյցներին», յայտարարած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը: