
ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Մարտ 5ին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ բանակցութիւններէն առաջ եւ ետք՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտումներուն կապակցութեամբ:
«Նման անիմաստ գործողութիւնները, եթէ հաստատուին, կը հակասեն ուժի կիրառումէ զերծ մնալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ձգտելու կողմերուն յանձնառութեան», ըսուած է համանախագահներուն կողմէ Վիլնիւսի մէջ տարածուած յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները խնդրած են ԵԱՀԿի նախագահի անձական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիկէն անյապաղ հետաքննութիւն իրականացնել՝ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ, ինչպէս որ նշուած է Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած միացեալ յայտարարութեան մէջ։
«Համանախագահները յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնին տարածաշրջան՝ կողմերուն կոչ ընելու, որ լիարժէքօրէն համագործակցին իրականացուելիք հետաքննութեան»:
Համանախագահները նաեւ «խստօրէն կը դատապարտեն մարդկային կեանքի կորուստները», եւ կողմերը կը յորդորեն՝ «ըլլալ զուսպ, յարգել 1994ի հրադադարը եւ կատարել 2010 Հոկտեմբերին ու այս ամիս Սոչիի մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները»: