ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի վատոգի սպանութեան յաջորդող օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոք ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, հայ մամիկ մը բարձրացուցած էր պաստառ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր՝ «1.500.000+1», որ իմ կարծիքով, ուղղակի պատգամ մըն էր այն բոլոր թուրք ազնիւ մարդոց, որոնք ընդվզած էին հայ լրագրողին դէմ գործուած անարգ ոճիրէն, եւ հրապարակ դուրս եկած էին արտայայտելու իրենց զայրոյթը:
Հայ մամիկին պատգամը՝ Տինքի յիշատակին զօրակցող թուրք բազմութեան, այն էր, որ այնքան ատեն, որ թուրք հասարակութեան յառաջապահ խաւը չի խիզախեր իր պատմութեան մութ էջերը լոյս աշխարհ հանելու քայլեր առնելու, այնքան ատեն, որ իր վրայէն ամբողջականօրէն չի թօթափեր թրքական պետական ցեղապաշտ քարոզչութեամբ յագեցած պատմութեան իր ընկալումները, Տինքի նահատակութիւնը առանձինն, պատահական դէպք մը չի կրնար նկատուիլ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս եւ յատկապէս Տինքի սպանութենէն ետք ամօթխածօրէն ու դեդեւումներով սկսած՝ թրքական որոշ շրջանակներու կողմէ սեփական պատմութեան նայելու նոր փորձը, անշուշտ, գնահատելի է ու ամէն ձեւով արժանի՝ մեր խրախուսանքին:
Այսուհանդերձ, կարելի չէ անտեսել հայկական կողմին այն մտահոգութիւնները, թէ՝ այս դեռեւս աննշան քայլերուն հանդէպ մեր չափազանց խանդավառութիւնը կրնայ խափանել ինքնաճանաչման թրքական երթը, կրնայ կէս ճանապարհին կանգնեցնել այդ շարժումը:

Արդարեւ, թրքական աշխարհէն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ամէնէն անուղղակի ակնարկներն իսկ շեփորահարելով՝ իբրեւ մեծագոյն իրագործում՝ դժուար թէ նպաստենք այդ ահաւոր ոճիրի պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ հաշտութեան իրական ճանապարհներ որոնելու միտումներուն:
Այս մեկնակէտէն է, որ վերապահութեամբ կը մօտենանք Թուրքիոյ Ժամանանակից լրագրողներու ընկերակցութեան ուշացած ու թերի նախաձեռնութեան, որ նախաօսմանեան եւ յետօսմանեան Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողներու ցուցակին վրայ տասը հայ յայտնի նահատակ գրողներու անուններ կ՛աւելցնէր:
Այս նոյն մեկնակէտէն է, որ վերապահութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը նայինք «Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ» խորագրուած հանդիպումին, որ ՀԲԸՄի Ասպետներուն կողմէ կազմակերպուած է Մարտ 31ին, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի մէջ, եւ որ կը ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կազմակերպող իթթիհատական երրորդութեան անդամ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը: Հայ վրիժառու (Ստեփան Ծաղիկեան) գնդակով Թիֆլիսի մէջ 1922ին զգետնուած Ճեմալի թոռնիկին Ծիծեռնակաբերդ ու Տէր Զօր այցելութիւնն ու նահատակներու յիշատակը յարգելու քայլերը, ինքնամաքրման դաժան գործընթացի մը միայն առաջին քայլերն են, որոնց արդիւնաւէտ զարգացումը կախեալ է մեր անդրադարձէն, նման

դրսեւորումներու աւելորդ զգայնութիւններ (թէ՛ դրական, թէ՛ ժխտական) չշռայլելու մեր լրջութենէն:
Մեր կորուստը անսահմանելի է: Թուրք լրագրողները, Ճեմալ Փաշայի թոռը եւ անոնց հետքերով ընթացողները պէ՛տք է իմանան, որ մենք չենք կրնար բաւարարուիլ կիսաքայլերով. պէտք է կարենան խորաչափել ու զգալ հայոց ցաւին ահագնութիւնը, անոր ամբողջութիւնը: Անոնք պէտք է գիտնան, որ մենք ատոր է որ կը սպասենք: