
ՀՄԸՄի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ
Կիրակի, Փետրուար 13ին, Հայց. առաքելական եկեղեցին յատուկ արարողութիւններով ու աւանդական խարոյկի հրավառումով նշեց Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ արարողութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ մանուկներու սուրբ խորանի ընծայման արարողութիւն։ Նաեւ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը՝ եկեղեցւոյ չորս անկիւններէն օրհնելով աշխարհի չորս անկիւնները, Հայոց հայրապետութիւնն ու հանրապետութիւնը, քրիստոնեայ ղեկավարութիւնները, երկրի անդաստաններն ու բերքերը, պտղաբերութիւնը, վանքերը, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց մէջ բնակող բոլոր մարդիկը։ Համաձայն տարիներու աւանդութեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեանց եւ ուղղեց օրուան պատգամը։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ու սկաուտական խորհուրդի անդամներ, սկաուտներ, արենոյշներ ու եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամներ։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պատգամով մը 2011 տարին նուիրած է Հայ Մանուկին, հետեւաբար, մեր ժողովուրդը պարտի ընդառաջել պատգամին եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններով արժեւորել տարին։ Ան վեր առաւ այս տօնին ու պատգամին միջեւ կապը, ապա շեշտեց, որ այս նպատակին համար անհրաժեշտ է հայ ծնողներու, դպրոցներու, միութեանց ու կազմակերպութեանց գործակցութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ Աստուածորդւոյն ծնողները, հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային ու եկեղեցական աւանդութեանց՝ մանուկ Յիսուսը տաճար

ընծայաբերեցին։ Ան շեշտեց, որ հաւատացեալ հայ քրիստոնեան այսօր կը կանգնի նոյն պարտաւորութիւններուն դիմաց, այսինքն՝ ըլլալ հաւատարիմ եկեղեցական ու ազգային աւանդութեանց, տէր կանգնիլ դարաւոր ժառանգութեանց ու մեր մանուկները դաստիարակել անոնցմով։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը։ Երգուեցան ազգային ու հայրենասիրական երգեր։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, սկաուտներն ու երիտասարդական միութեան անդամները առաջնորդին ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան մտերմիկ պահ մը՝ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Հանդիսավարն էր Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեան, ՀՄԸՄի շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Փիեռ Մանուկեան եւ շրջանային խմբապետ Փօլ Տէրտէրեան։ Յանուն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, անոնք շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին սրբազան հօր, իրենց հանդէպ հայրական հոգածութեան համար, ապա անդրադառնալով վեհափառի այս տարուան պատգամին՝ խոստացան, որ այս տարուան ամբողջ տեւողութեան իրենց կազմակերպելիք բոլոր ձեռնարկները նուիրուած ըլլան հայ մանուկին։
Տեառնընդառաջի տօնին մասին սկաուտներուն հակիրճ բացատրական մը տուաւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, շեշտելով մանաւանդ այն, որ Յիսուս ի՛նք իբրեւ լոյս եկաւ աշխարհ, որպէսզի իր լոյսով լուսաւորէ մեր հոգիները եւ մեզի լոյսի որդիներ դարձնէ։ Ուստի, եզրակացուց ան, իւրաքանչիւր խմբապետ ու պատասխանատու պէտք է իր կարգին լոյս դառնայ իրեն յանձնուած պարմանին։ Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը, որ անգամ մը եւս բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ու պատասխանատուներուն տարած անսակարկ նուիրումն ու ծառայութիւնը նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան վեհ աշխատանքին մէջ՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ ծառայութեան ճամբով իրենք զիրենք ընծայեն Աստուծոյ, Հայ եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին։
Աւարտին ներկաներուն աղօթագիրք ու յուշանուէրներ բաշխուեցան, ապա անոնք միասնաբար երգեցին «Յառաջ նահատակ» կամաւորներու քայլերգը ու մեկնեցան իրենց տուները։