
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Երկուշաբթի, Փետրուար 14ին հանդիպում ունեցած էր նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ։ Երեքշաբթի օր, ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իրանի գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի, խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի ու շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Լարիճանի շեշտած է Թուրքիոյ հետ «ռազմագիտական» յարաբերութեանց կարեւորութիւնը՝ դրուատելով յատկապէս Իրանի հիւլէական հարցին մէջ Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Լարիճանի արտաքին միջամտութեանց հետեւանք համարած է մէկ օր առաջ Իրանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը եւ խռովութիւնները:
Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Երկուշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած է առնուազն երկու հոգի եւ վիրաւորուած՝ քանի մը ուրիշներ: