Ուրբաթ, Յունուար 28ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետարանը, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, եւ ցաւակցութիւն յայտնեց համայնքի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեանին, համայնքի նախկին հոգեւոր տիրոջ՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան պատրիարքի վախճանման առիթով։ Առաջնորդին կ՛ընկերանային Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Հանդիպման սկզբնաւորութեան, եկեղեցւոյ մէջ «Հոգւոց» աղօթք մատուցուեցաւ վախճանեալ հոգեւոր տիրոջ հոգիին համար։ Առաջնորդը նաեւ ցաւակցական արձանագրութիւն մը թողուց այս առթիւ բացուած յատուկ տոմարին մէջ։ Առաջնորդը նախապէս ցաւակցական գիր մը յղած էր համայնքի ժողովրդապետ հայր Գրիգորին՝ վեր առնելով երջանկայիշատակ հոգեւոր տեսուչին եկեղեցաշէն եւ ժողովրդանուէր գործունէութիւնը։ Առաջնորդը նշած էր, որ ան տասնամեակներ շարունակ կեանք նուիրաբերած է եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով։ Ան հայութեան ջահն ու իրաւունքներուն դրօշը բարձր պահած է իր ծառայութեան ու առաջնորդութեան բոլոր տարիներուն, ինչպէս նաեւ յիշատակելի վաստակ կերտած է։