ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, շարք մը գործատեղիներու մէջ աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր գործադուլ յայտարարուած է՝ բողոքելու համար շրջանին տնտեսական վիճակին դէմ:
Նաեւ Նիկոսիոյ մէջ անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները նաեւ պարզած են Թուրքիոյ դէմ վերտառութիւններ, որոնցմէ մէկը հայհոյալից էր, ցոյց տալով, թէ որոշ շրջանակներէ ներս որքա՛ն դժգոհութիւն կայ թրքական իշխանութիւններուն ու տեղական կառավարութեան դէմ։
Ուրիշ վերտառութիւններու վրայ կը կարդացուէին հետեւեալները. «Անգարա, ո՛չ դրամդ կ՛ուզենք, ո՛չ ծրարդ, ո՛չ ալ պաշտօնեադ», «Այշէին դրամը վերջացաւ ու ան գող դարձաւ» )Այշէ, Թուրքիոյ բանակին կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի վրայ կատարուած զինուորական գործողութեան ծածկանունն է), «Այշէ, տո՛ւն վերադարձիր, տոմսակդ մենք կը վճարենք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.