ԵՐԵՒԱՆ.- Մաշտոց պողոտայի եւ Կորիւն փողոցի երկու շէնքերուն միջեւ գտնուող սեփական տուներու հրկիզումէն ետք անօթեւան մնացած բնակիչներուն, Դեկտեմբեր 28ին, յատկացուած է դրամական աջակցութիւն մը՝ Երեւանի քաղաքապետին յանձնարարութեամբ: Հրդեհէն ետք վրաններու տակ ապրող 5 ընտանիքներուն, 4 ամիս վարձակալութեամբ ապրելու համար յատկացուած է ամսական 150,000ական դրամ: Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան Դեկտեմբեր 24ին այցելած էր Նոյեմբեր 24ի հրդեհին հետեւանքով տուժած ընտանիքներուն: Կարէն Կարապետեան խոստացած էր աջակցիլ անոնց: Նշեալ ընտանիքները 4 ամիս պիտի ապրին վարձակալութեամբ, ապա անոնց խնդիրին հիմնական լուծում պիտի տրուի քաղաքապետարանին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.