Պ. Ա.
«Դիլիջան» Սենեկային երաժշտութեան համերգաշարի այս 6րդ տարեշրջանի դերակատար-երաժիշտները կը պատրաստուին մեզի մատուցանելու, Դեկտեմբեր 19ի, Կիրակի յետմիջօրէին, միշտ «Զիփըր» սրահին մէջ, իրենց 2010 տարուայ Գ. համերգը։ Հոն, ի միջի այլոց, պիտի ունկնդրենք կտորներ Էտուար Միրզոյեանէն եւ Կակիկ Հովունցէն։
Տարին վեց անգամի հերթականութեամբ ներկայացուած այս կոկիկ ու խնամուած արժէքաւոր համերգները կը միտին առաւելաբար մեզի մտերմացնելու հայ եւ ոչ-հայ երգահաններու արդի եւ գեր-արդի արտայայտութիւններուն եւ արտադրութիւններուն հետ։
21րդ դարու այս օրերուն այլեւս կարելի չէ հաճոյքի եւ ժամանցի սահմաններուն մէջ պարփակուիլ եւ հարեւանցի կերպով մօտենալ բարդ եւ բարձր, բազմածալ, յանդուգն արուեստով յատկանշուող այս համերգներուն։ Արհեստավարժական կամ արուեստաբանական խստապարոյր վերլուծումներու տեղը չըլլալով հանդերձ օրաթերթի մը սոյն էջերը, այսուհանդերձ կարելի է գէթ փորձ մը կատարել հայ ընթերցողին քիչ մը բացատրելու գերարդի այս կտորներուն վերացական տարերքը, պարզաբանելու խիտ, երբեմն մեղեդայնութենէ քիչ մը շատ հեռու եղող կերտուածքը մանուածապատ այս գործերուն կամ ճիգ մը ընելու՝ բնութագրելու անոնց հոգեվերլուծաբանական բնորոշ խորքը։
Եթէ 20րդ դարուն դեռ կը գոհանայինք գեղարուեստական ստեղծագործութիւններով, ահա սկսած է երեւան գալ, վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին, գերարուեստական բնոյթի երկեր՝ ո՛չ թէ աւելի «բարձր» որակի արուեստի իմաստով )ոչ ոք այլեւս պիտի կարենայ ստեղծագործել Պախէն կամ Կոմիտասէն գերիվեր գործեր(, այլ «արուեստ» ընթացիկ իմացութենէն )օր.՝ ականջին դիւրամատչելի կշռութամեղեդիակերտ երգամտածողութիւն( անդին անցնող խորախորհուրդ երեւակայութեան արգասիքը եղող՝ միտք-կամք-ազատութիւն-յեղափոխութիւն-նորոյթ յղացքներու իմաստով։
Օրինակի համար, երբ Ավանէսովի գործերը կ՛ունկնդրենք, չենք կրնար այլեւս մեզի ընտանի կրաւորապաշտ «գեղեցիկ է» կամ «ի՜նչ հաճելի է» բառերով ձեւաչափել մեր գեղագիտական յուզումներն ու տպաւորութիւնները։ Ավանէսով կամ Լ. Տալլաբիքոլլա կամ Փիէռ Պուլէզ կամ առ հասարակ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ստեղծագործողները շատ քիչ «հաճելի» կտորներ արտադրած են։ Այսպէս, Արթուր Ավանէսովի երկերուն մէջ կը գտնենք գերարդի երգա-մտածողութեան յատուկ «երկբայակերտ» )Aleatory( կամ «արտադաշնամուրային» )piano prepare) տարածքներ, որոնք արդէն դասականացած են ուրիշ շարք մը արտա-աւանդական ստեղծագործական բջիջ-տարրերու կողքին։
Եւ որպէսզի «Դիլիջան»ի մեզի առաջարկած հիմնական մեկնարկ-առաջնեկներուն (world premieres) հիմնաւորապէս հաղորդուինք, որոշած ենք մեր համեստ ուժերը միաձուլել նոր, աւելի իրազեկ ուժերու հետ, ստեղծել ջանալով նոր կարգի քննադատական-բացատրական ոճ, որ, կը խորհինք, աւելի ներհակ պիտի ըլլայ արդի կտորները բնութագրելու, փոխանակ վերացական կամ զուտ զգացական բառամթերքով ընթանալու։ Այս նպատակով ինծի օգնական կանչած եմ երաժշտական ներկայ բոլոր դպրոցներուն, արուեսագիտական տուեալներուն քաջածանօթ, ներհուն արուեստագէտ դաշնակահարուհի, «Դիլիջան»ի ընծայաբերած «world premiere»ներուն մօտէն հետեւող Ծովիկ Մարգարեանը։ Ծովիկը կը պատրաստուի USC համալսարանէն ներս դաշնակի արհեստավարժական վերին կարգի քննութիւններուն։ Ան նախապէս վկայուած է «Քալիֆորնիա ինսդիդուդ աֆ ֆայն արթս»էն։ Ան հմտացած է ժամանակակից երաժշտութեան ոլորքներուն եւ արտայայտչաոճերուն՝ հռչակաւոր ուսուցչապետերու հսկողութեան ներքեւ։ Հոս միատեղ պիտի ջանանք, հասկնալի եզրերով, նոր ձեւի մեկնաբանական փորձ մը կատարել «Դիլիջան»ի այս տարուան Ա. եւ Բ. համերգներուն կարգ մը յատկանշական եւ անկիւնադարձային կտորներուն շուրջ։