
Սանթա Քլարիթայի Սուրբ Սարգիս հայց. եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ բարերար հաւատացեալներէն Օննիկ Ուսարսլանեանի ծննդեան 80ամեակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին, Վեն Նայսի մէջ գտնուող «The Grand Banquet Hall»ի մէջ. հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ շրջանի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Սրբազան հայրը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց եւ Օննիկ Ուսարսլանեանը պարգեւատրեց առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով՝ դրուատելով անոր երկարամեայ սպասարկութիւնները: