ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը փնտռեն «փոխզիջումային ձեւակերպում» մը, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց մէջ յառաջացած լարուածութիւնը պիտի լուծէ։ Անոնք նշած են, թէ վերջնական համաձայնագիրին մէջ ցոյց պիտի տրուի, թէ Իսրայէլ չարամիտ կերպով չէ գործած Մայիս 31ին, երբ իսրայէլացի զինուորներ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ Թուրքիոյ քաղաքացիներ սպաննած էին։ Անոնք կը յայտնեն, թէ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է զոհերու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն փոխհատուցում վճառելու, իսկ ներկայիս Իսրայէլի կողմէ ներումի հայցին շարադրութիւնն է, որ կը քննարկուի։
Ըստ թուրք պաշտօնատարներուն, թրքական երկու հրշէջ օդանաւ Իսրայէլ ղրկելը «հնարաւորութեան պատուհան» բացած է։
Նշենք, որ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, թէ Թել Աւիւն ու Անգարան կը պատրաստեն երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման մասին համաձայնագիր մը, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ առաջ քշուած ներումին նախապայմանը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ յարձակումին հարցով ՄԱԿի յատուկ յանձնախումբին մէջ Իսրայէլի ներկայացուցիչ Եոսեֆ Սիաչանովըր Կիրակի օր, լարուածութիւնը յաղթահարելու նպատակով հանդիպում մը ունեցած էին Ժընեւի մէջ։