Երեւան, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 2ին կայացած վեց հանդիպումներով իր աւարտին հասաւ պասքեթպոլի կանանց Եւրոպայի բաժակի խաղարկութեան խմբային մրցաշարքը: Խումբերուն մէջ ընդգրկուած 36 ակումբներէն 32ը պայքարը պիտի շարունակէ «փլէյ օֆ»ի 1/16րդ եզրափակիչին ընթացքին:
Երեւանի «Հատիս»ը, որ «F» խումբին մէջ պարտութիւն կրեց բոլոր հանդիպումներուն, միաւորներու լաւագոյն տարբերութեամբ յայտնուեցաւ 32 խումբերուն մէջ: Արդիւնքներուն համաձայն, «Հատիս»ը կրնայ լաւագոյն պարագային դառնալ 31րդը, որ կը նշանակէ, թէ 1/16րդ եզրափակիչ փուլին ընթացքին, անիկա պիտի հանդիպի մրցաշարքի երկրորդ լաւագոյն խումբին հետ: