ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ռապըրթ Ֆարկուա Հոկտեմբեր 4ին ներկայացուցած է «Բազմազանութեան արտօնագիրներու»՝ «Green card»երու, հետ կապուած այս տարուան փոփոխութիւնները, ըստ որոնց, Հոկտեմբեր 5ին տեղի պիտի ունենայ խաղարկութեան սկիզբը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 3: Նախորդ տարիներուն ընթացքին, արձանագրութիւններուն համար նախատեսուած ժամկէտը երկու ամիս էր, մինչ այս տարի՝ անիկա պիտի տեւէ միայն մէկ ամիս: Բացի ատկէ, ըստ հիւպատոսին, նախորդ տարիներուն շահող մասնակիցները այդ մասին կը տեղեկանային նամակով մը, մինչ այս տարի նամակով ծանուցումներ չեն նախատեսուիր, այլ ծրագիրին մասնակցողներ պիտի ստանան հաստատման ծածկագիրներ, որոնց միջոցով պիտի իմանան շահած ըլլալու մասին:
Ռապըրթ Ֆարկուայի փոխանցած տեղեկութիւններով, ծրագիրին ծիրէն ներս, իւրաքանչիւր տարի, ըստ տարածաշրջաններու եւ երկիրներու, արտօնագիր կը տրամադրուի 50 հազար մարդու: Անցեալ տարի «green card» ստացած է Հայաստանէն շուրջ 1000 հոգի, իսկ 1200 արտօնագիր տրամադրուած է այլ երկիրներու բնակող հայերու: Ըստ Ֆարկուայի, անցած տարի ամբողջ աշխարհէն ընդհանուր առմամբ դիմում ներկայացուցած է 13 միլիոն քաղաքացի: