ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 1ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան յայտնած է, թէ դիւանագէտ Լեւոն Սարգսեան նշանակուած է «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի պատուաւոր նախագահ: «Հիմա պարոն Սարգսեանը ձեռքերը քշտած մեր հետ միասին պէտք է այս ամբողջ հոգսի ու ծանրութեան տակ մտնի», նշած է փառատօնին տնօրէնը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լեւոն Սարգսեան, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ փառատօնի պատուաւոր նախագահ, ինչպէ՞ս կը պատրաստուի նպաստելու փառատօնի զարգացման՝ յայտնած է. «Բաւականին դժուար հարց տուեցիք. ինչ որ իմ ուժերը ների՝ կը փորձեմ անել, այլ կերպ չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգնեմ: Երեւի կ՛օգտագործեմ իմ կապերը Սփիւռքում, Մերձաւոր Արեւելքում: Առանձնապէս ծրագիր չունենք»: Ան նաեւ նշած է, որ իր նշանակման մասին Յարութիւն Խաչատրեանը զինք տեղեակ պահած է ընդամէնը 2 օր առաջ:
Նշենք, որ Լեւոն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրն է: