Վարեց՝ ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 15ին Հրանդ Տինք պիտի դառնար 56 տարեկան…
Այդ օր «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ի տուչութեան օրն է…
Այդ օր ցեղապաշտութեան օրրանին մէջ ազատ խօսքի եւ ազատ միտքի յաղթանակի օրն է…
Այդ օր եւ ամէն տարուան այդ օրը պիտի հնչեցնէ Ռաքէլ Տինքի լուսաւոր թախիծով պարուրուած խօսքերը…՝
«Ես եւ æՈՒԹԱԿՍ տարեդարձ տօնող տղոցմէ չեղանք։ 40 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ մարեց իր տարեդարձի կարկանդակին մոմերը… 2007ի Յունուար 19ին եթէ խլած չըլլային իր ապրելու իրաւունքը, æՈՒԹԱԿՍ այդ օր 55 տարեկան պիտի ըլլար։ Անոր կեանքի պայքարը ողջունելու համար եղբայրները, եղբօրորդիները, զաւակները, թոռները եւ ես որոշեցինք հիմնարկ մը ստեղծել եւ իր ծննդեան օրը, ամէն 15 Սեպտեմբերին մրցանակաբաշխութիւն կատարել՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համանման պայքար մղողներուն, անոր գաղափարները բաժնող, այդ գաղափարները խիզախօրէն արտայայտող եւ համապատասխան գործունէութիւն ծաւալողներուն։ Այդօր պարգեւատրուողներու ուրախութիւնը առաւել եւս կը յուզէ մեզ։ Այդ օր պարգեւ ստացողները Հրանդին, Հրանդն ալ իրենց պարգեւ է։
Լա՛ւ որ ծնած ես æՈՒԹԱԿՍ…»։
Հակառակ բոլոր պատկերացումներուս՝ չէի կրցած լիովին նախազգալ, թէ պահը որքան ծանր կրնայ ըլլալ, երբ Հրանդին սպանութենէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, «Ակօս»ի յարկին տակ գտնուէի, ուր քանիցս Հրանդը ինծի հետ կիսած էր իր հացը, կիսած էր իր ցաւը, կիսած էր իր երազներն ու յոյսերը, բայց չէր ուզած կիսել իրեն ճակատագրուած դժխեմ վախճանը, որուն մասին ալ կը խօսէր, որովհետեւ արդէն կը նախատեսէր գալիքը, զոր կը սպասէր արդէն…
«Ակօս»ը առանց Հրանդի…
Հրանդը՝ յաւերժ բացակայ-ներկան ե՛ւ չկար… ե՛ւ կար, որովհետեւ դեռ կը շարունակէր պատնէշի վրայ պահել իր գաղափարախօսական ուղիէն քալող հոյլ մը լուսամիտ մտաւորականներ՝ անկախ անոնց ազգային-ծագումնաբանական պատկանելիութենէն, որոնց շնորհիւ «Ակօս»ը նոյնքան եւ աւելի ուժեղ է այսօր։ Հրանդը կար, որովհետեւ դեռ կը շարունակէր գրաւել տեղւոյն ամէնօրեայ խայտաբղէտ մամուլին առաջին էջերը։ Հրանդը կար, որովհետեւ իր իտէալներուն հաւատացող զանգուածին, իր հետեւորդներուն միջոցով դեռ կը շարունակէր պայքարիլ յանուն խաղաղութեան, յանուն ճշմարտութեան, յանուն արդարութեան, յանուն հանդուրժողութեան եւ խաղաղ համակեցութեան, յանուն համամարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց դատերու… Հրանդը կար, որովհետեւ դեռ կը շարունակէր դիմազերծել Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան լծակից համակարգերու իրական դէմքը… դեռ կը շարունակէր մատնացոյց ընել եւ դատապարտել իթթիհատականներու հարազատ շարունակութիւնը հանդիսացող պետական բարձրագոյն ոլորտներու մէջ «Թուրքիան՝ թուրքերուն» կարգախօսով գործող ազգայնամոլ, ցեղապաշտ եւ այլամերժ տարրերը… դեռ կը շարունակէր խարանել խեղաթիւրումի եւ ժխտողականութեան սկզբունքներով բանող պետական վարչամեքենան…։
Հրանդին գրասենեակի մուտքին թախծոտ հայեացքներով զիս կը դիմաւորեն անոր կինը՝ Ռաքէլը, կրտսեր դուստրը՝ Տելալը (Պայծառ) եւ փաստաբանուհին՝ Ֆեթհիյէ Չեթին. շուտով անոնց կը միանան «Ակօս»ի հայերէն էջի խմբագիրներ Բագրատ Էստուգեանն ու Սարգիս Սերովբեանը, միջոց մը աչքերս կը հանդիպին նաեւ Հրանդի տղուն՝ Արատի ածխացած աչքերուն… որքան ցաւ, որքան թախիծ ու որքան սուգ կայ բոլորին աչքերուն մէջ, անոնց հոգիին խորը… եւ որքա՜ն ուժ է պէտք՝ շրջանցելու սուգը, դիմանալու ոչ միայն սեփական անգնահատելի կորուստին՝ իբրեւ սիրեցեալ ամուսին, իբրեւ հայր, եղբայր ու պաշտօնակից կամ բարեկամ, այլ՝ դիմանալու դեռ շարունակուող մղձաւանջային իրավիճակի ամէնօրեայ կշռոյթին, ամէնօրեայ անձկութեան, տագնապին, անհանգստութեան, ճնշումներուն, սպառնալիքներուն, հալածանքին, սադրանքներուն, սակարկութիւններուն եւ մանաւանդ զուգահեռաբար՝ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին բեմերու վրայ յանձնուելու անյետաձգելի, անշրջանցելի պարտաւորութիւններու եւ ծրագիրներու իրագործման հրամայականին։
Հրանդ Տինքի յիշատակը եւ անոր գործը արժեւորելու կոչուած բազմազան ծրագիրներու ծիրին մէջ, Հրանդին կեանքի եւ գաղափարի ընկերուհին, իր հաւասարակշիռ, զուսպ եւ խաղաղաբարոյ պահուածքով մտերմիկ զրոյցի մը ընդմէջէն, նախընտրաբար լուսարձակի տակ կը բերէ «միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկ»ի եւ համանուն մրցանակի կեանքի կոչուելու հանգամանքները, նպատակներն ու առաջադրանքները։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ պատճառներ ձեզ մղեցին հիմնելու «Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկ»ը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկ»ը հիմնուեցաւ 2007 թուականին, ապրուած մեծ վիշտէն ետք նման ցաւեր վերստին չապրելու, Հրանդ Տինքի աւելի արդար եւ աւելի ազատ աշխարհի մը ձգտող երազները, լեզուն եւ սիրտը վառ պահելու նպատակով։ Այս հիմնարկը կոչուած է շարունակելու Հրանդին գործը, յարատեւ դարձնելու անոր խօսքը…։
Հ.- Ի՞նչ սկզբունքներով կը գործէ հիմնարկը։
Պ.- Հիմնարկին գլխաւոր սկզբունքն է պահանջել ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ՝ երկրին մաս կազմող բոլոր տարրերուն համար, անկախ անոնց ցեղաբանական, կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւններէն։
Հ.- Ի՞նչ են հիմնարկին նպատակները։
Պ.- Հիմնարկին առաջնային ձգտումը վարչակարգի մը ստեղծումն է, ուր հնարաւորին չափերով գոյութիւն ունենայ արտայայտութեան ազատութիւն, եւ անխափան ընթացքով գոյատեւեն երկրին մաս կազմող բոլոր զանազանութիւնները։
Հիմնարկը կը ձգտի նաեւ կերտել Թուրքիա մը եւ աշխարհ մը, ուր ոչ թէ հողը, այլ անոր վրայ ապրողները արժեւորուին եւ անցեալին ու ներկային յառած մեր հայեացքին մէջ գերադասուի խղճմտանքը, ուր երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ փոխհասկացողութեան մշակոյթը պայծառ ապագայի մը երաշխիքը դառնայ…
Հիմնարկին նպատակներու կարեւորագոյններէն կը համարենք Հրանդին արխիւը դասաւորելու աշխատանքը եւ անոր յօդուածներու, նկարներու եւ ելոյթներու համակարգով, զանազան հրատարակութիւններով լոյս ընծայել զանոնք։
Հիմնարկին կարեւոր նպատակներուն մաս կը կազմէ նաեւ Հրանդին երազներէն մէկը եղող Թուրքիոյ մէջ մշակութային լայնահուն հաստատութեան մը հիմնումը, գոհացնելու համապատասխան ծիրի պահանջները։
Հ.- Աշխատանքային ի՞նչ միջոցներով ցարդ իրականացած է հիմնարկին գործունէութիւնը։
Պ.- Հիմնարկը իր գործունէութիւնը կը դրսեւորէ մարդկային իրաւունքներու բարելաւման համար պայքարի նոր ձեւերով եւ միջոցներով, այդ առումով «Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկ»ը ցարդ իրականացուցած է շարք մը նախաձեռնութիւններ։
– 2008ին կազմակերպեցինք Ատանայի մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն նուիրուած գիտաժողով մը, որ կ՛ընդգրկէր 1915էն առաջ եւ անկէ ետք ժամանակահատուածը։
– 2009ին Պողազիչի եւ Պիլկի համալսարաններու, ինչպէս նաեւ՝ Լոնտոնէն պատմաբան Արա Սարաֆեանի համագործակցութեամբ, կազմակերպեցինք 1909ի Ատանայի ջարդերուն 100ամեակին նուիրուած եռօրեայ համաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թուրք եւ օտար ակադեմիկոսներ։ Համաժողովին կարեւորագոյն ձեռքբերումը այն էր, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, համալսարանական երիտասարդներ, յետ իրենց կատարած պրպտումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն, ներկայացուցին գիտահետազօտական բնոյթի համապատասխան զեկուցումներ, որոնք ընդգրկելով նաեւ ենթականերու վերլուծողական դրական կարծիքները՝ կը հակասէին Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական տեսակէտներուն։ Երիտասարդ սերունդին տեսակէտները, անոնց աշխարհահայեացքը շատ կարեւոր են, որովհետեւ ի վերջոյ երիտասարդները Թուրքիոյ ապագան են, եւ որքան շատնայ լուսամիտ երիտասարդներու թիւը, այնքան յուսալի կը դառնայ ապագան։
Համաժողովին աշխատանքները եւ նպատակները Եւրոմիութեան համապատասխան կառոյցներուն փոխանցեցին հիմնարկին բարեկամներէն մտաւորականներ Պասքըն Օրան, Ալի Պայրամօղլու եւ Ճենկիզ Աքթար, որոնք մեծ դեր կատարեցին համաժողովի կազմակերպման եւ յաջողութեան մէջ։
Համաժողովին ծրագիրը իրականացուց նաեւ Ատանայի ջարդը պատկերող լուսանկարներու ցուցահանդէս մը։
– 2010ին կազմակերպեցինք եռօրեայ գիտաշխատանոց մը՝ քննարկման նիւթ դարձնելով «ոխակալ բնոյթի լրատուամիջոցներ»ու գործունէութիւնը։ Գիտաշխատանոցին իրենց մասնակցութիւնը բերին հասարակական կազմակերպութիւններ, լրագրողներ եւ համալսարանականներ։ Նիստերէն մէկը քննարկեց լրատուամիջոցներուն ունեցած հրահրիչ դերը 2007ին գործուած Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ անկէ շուրջ երկու ամիս ետք Մալաթիոյ ոճիրին մէջ, որուն զոհ դարձած էին գերմանացի մը եւ «Զիրվէ» հրատարակչատան երկու թուրք քրիստոնեայ աշխատակիցներ՝ ենթարկուելով անասելի խոշտանգումներու։ Երկու ոճիրներէն առաջ եւ ետք կատարուած մամլոյ հրապարակումներու լուրջ քննարկման եւ այլ նոյնանման պատահարներու մատնանշումէն ետք, 12 նիստերէ բաղկացած աշխատանոցը դատապարտեց Թուրքիոյ ոխակալ բնոյթի լրատուամիջոցներու, մանաւանդ այսօրինակ մամուլին դերը ցեղապաշտութիւնն ու ազգայնամոլութիւնը հրահրելու եւ ոխի ու վրէժխնդրութեան ոգին բորբոքելուն մէջ, միաժամանակ դիտել տալով անոր աւերիչ հետեւանքները թուրք հասարակութեան հոգեբանութեան մէջ։
– Հիմնարկը իրականացուց փոխադարձ շփումներու ծրագիր մը «Ակօս»ի եւ հայաստանցի լրագրողներու միջեւ։ «Ակօս»ի խմբագիրներէն Արիս Նալչըի գլխաւորութեամբ, թերթին թուրք լրագրողներէն խումբ մը Հայաստան այցելելով, փոխադարձաբար հայաստանցի երիտասարդ լրագրողներ Թուրքիոյ մէջ ունեցած իրենց դրական տպաւորութիւնները բաժնեցին իրենց ընթերցողներուն հետ։
– Հիմնարկը ձեռնարկեց նաեւ «Եկէք՝ մեր խիղճով քննենք» խորագիրը կրող 3-5 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական կարճատեւ ժապաւէններու պատրաստութեան, այս առնչութեամբ համացանցով կատարուած յայտարարութիւնը մեծ արձագանգ գտնելով՝ ունեցանք աւելի քան 100 ժապաւէններ, որոնց հեղինակները ոչ միայն Թուրքիայէն էին, այլ նաեւ՝ տարբեր երկիրներէ։
Հ.- Հայաստանի հետ ի՞նչ կապեր ունիք։
Պ.- Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ թրքահայ-հայաստանցի շփումներու ծրագիր մը իրականացուցինք, թրքահայ 20 – 25 երիտասարդներ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ 15 օր անցուցին Հայաստանի մէջ՝ մնալով հայ ընտանիքներու յարկին տակ, այս ծրագիրին նպատակը հայ-հայ եւ Թուրքիա-Հայաստան փոխադարձ շփումներու հետքերով ձեռք բերուելիք դրական արդիւնքներն են։ Պէտք է ըսել, որ ծրագիրը մեծապէս հասաւ իր նպատակին, այնպէս՝ ինչպէս Հրանդը կ՛ըսէր. «Հայաստանը ծով մըն է, մենք լճակներ, եթէ առուներով չկապուինք իրարու, չենք աճիր եւ կամաց-կամաց կը չորնանք… Փոխադարձաբար իրարմով կրնանք յարատեւել, բայց այս յարատեւումը կախեալ է մեր ստեղծելիք կապերէն…»։ Մենք կը փորձենք շարունակել Հրանդին գործը, կը փորձենք իրականացնել իր երազները, իր նպատակները, իր իտէալները՝ անոր նման հաւատալով, որ՝ «եթէ ճանչնաս միւսը, մօտեցումը աւելի դիւրին կը դառնայ»։
Հ.- Ձեր գլխաւոր ծրագիրներուն մաս կը կազմէ նաեւ «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակը», ի՞նչ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէք այս մասին:
Պ.- «Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկ»ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ը, որուն տուչութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ 2009ի Սեպտեմբեր 15ին, Հրանդին ծննդեան օրը: Այսուհետեւ, Սեպտեմբերի 15ը պիտի դառնայ «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ի տուչութեան օր, ամէն անգամ երկու մրցանակ շնորհելով, մէկը Թուրքիայէն, միւսը՝ աշխարհի որեւէ վայրէ, այն անհատներուն, կազմակերպութիւններուն կամ խմբաւորումներուն, որոնք կը գործեն ի խնդիր խտրականութենէ եւ ցեղապաշտութենէ զերծ, ազատ ու արդար աշխարհի մը ստեղծման, որոնք կը հարցաքննեն նախապաշարումներն ու կանխակալ կարծիքները, կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն եւ այդպիսով կը յաջողին խրախուսել ու ներշնչել ուրիշներ՝ մասնակից դառնալու իրենց տարած պայքարին, բայց այս ընթացքին իրենց նպատակին հասնելու համար կը վտանգեն նոյնիսկ իրենց կեանքը…:
2009 թուականի մրցանակակիրներ հանդիսացան՝ լրագրողներ Ալփեր Կէօրմիշ՝ Թուրքիայէն եւ Ամիրա Հասս՝ Իսրայէլէն, որոնք երկուքն ալ կը պայքարին իրենց երկիրներու իշխանութեանց ի գործ դրած խաղաղ համակեցութեան սկզբունքները ոտնահարող քաղաքականութեան դէմ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը կատարուի «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ի արժանացողներուն ընտրութիւնը:
Պ.- Մրցանակի թեկնածուներ կը համարուին բոլոր անոնք, որոնց անունները ուրիշներու կողմէ կ՛առաջարկուին այս ծրագիրին յատուկ կայքէջին միջոցով, ապա նախօրօք ճշդուած դատական կազմին յայտնած կարծիքին հիման վրայ կ՛որոշուին երկու մրցանակակիրները, պայմանաւ որ անոնց գործունէութիւնը արտացոլացնէ Հրանդին գաղափարային աշխարհահայեացքը եւ ձգտի անոր նպատակներու իրականացման:
2010ի մրցանակաբաշխութիւնը, երկու մրցանակակիրներու կողքին, պիտի պատուէ նաեւ շուրջ 20 անձեր՝ հանդիսութեան ընթացքին անոնց անունները ելեկտրոնային լուսապաստառի մը վրայ սահեցնելով, որոնց ընտրութիւնն ալ պիտի կատարուի վերոնշեալ ձեւով, աւելցնելով համացանցի համապատասխան կայքէջին վրայ տեղադրուած հարցարանի մը պատասխանելու պայմանը:
2009ի մրցանակի դատական կազմը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն՝ Ռաքէլ Տինք («Միջազգային Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախագահ), Ալի Պայրամօղլու («Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ի յանձնախումբի նախագահ), «Ակօս»ի խմբագրապետ Էթիէն Մահճուպեան, Պեթիւլ Թամպայ, Ռոպեր Քոփթաշ, Սիպել Ասնա եւ Տելալ Տինք։
Հ.- Իբրեւ թէ՛ ինքնութեան, թէ՛ արդարութեան պայքարները անոնց ամէնէն թէժ գօտիին վրայ տանող եւ այդ ընթացքին դառնութեան բաժակը ցմրուր ճաշակած մարդ եւ հայ՝ ի՞նչ կը մտածէք այսօր, երբ արդարութիւնը կ՛ուշանայ, բայց յոյսը չի լքեր ձեզ:
Պ.- Իւրաքանչիւր անցնող օր անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ Հրանդ Տինք որքա՛ն ճիշդ քայլ մը առած էր «Ակօս»ը հիմնելով, որքա՛ն խիզախութիւն, որքա՛ն յանդգնութիւն եւ որքա՛ն անձնուրացութիւն կար այդ քայլին մէջ, ի վերջոյ Հրանդը իր կեանքով վճարեց յանուն արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան կայացման, եւ դեռ աւելի՛ն. դեռ այդ կեանքը չկորսնցուցած՝ կորսնցուց անոր անդորրը, անոր խաղաղութիւնը, այդ կեանքը ապրեցաւ իր հարազատները կորսնցնելու թաքուն արհաւիրքով, այդ կեանքը մղձաւանջ դարձաւ, երբ ինք, իր ընտանիքը եւ «Ակօս»ի թիրախ կը դառնային հալածանքի, ամբաստանութիւններու եւ սպառնալիքներու կազմակերպուած արշաւին, բայց հակառակ այս բոլորին՝ Հրանդը շարունակեց իր պայքարը… մենք ժառանգեցինք այդ պայքարը իբրեւ պարտաւորութիւն, իբրեւ յանձնառութիւն, եւ կը փորձենք զայն յառաջ տանիլ յամառօրէն, հաւատալով, որ այդպիսով կաթիլ մը կ՛աւելցնենք արդարութեան աւազանին, մեր զէնքը յոյսն է, ինչպէս նաեւ՝ մեր պայքարին հանդէպ ունեցած մեր հաւատքը, որ կը ներշնչուի Ս. գիրքէն՝ «… արդարութեան ճամբան նեղ է եւ փշոտ… Երանի անոր, որ արդարութեան համար կը հալածուի…»։
Պոլիս, Օգոստոս 27, 2010
«Ազդակ»ին