ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 12ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցող թուրքերուն գրեթէ 77 տոկոսը իր թեր կամ դէմ կարծիքը արտայայտեց իր քուէին ճամբով եւ հակառակ այն ակնկալութեանց, որ քուէարկութեան արդիւնքը կրնայ շատ մօտ ըլլալ, քուէարկութեան մասնակցողներուն 58 տոկոսը «այո» քուէարկեց: Այսինքն, «այո» եւ «ո»չ քուէարկողներուն միջեւ տարբերութիւնը գրեթէ վեց միլիոն քուէ էր: Փոփոխութիւններու ծրարին «այո» ըսած են 81 նահանգներէն 74ը։ Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 49,478,223 քաղաքացիներ։
Թուրքիոյ շարք մը շրջաններու մէջ, քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ եւ արձանագրուած են յարձակումներ, ինքնաշարժներու հրկիզում, բախումներ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ եւ ձերբակալութիւններ։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Կիրակի օր հեռաձայնած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ շնորհաւորած է անոր ապահոված յաղթանակը: Ան նաեւ շեշտած է, թէ Թուրքիա շատ լաւ ձեւով հիւրընկալած է պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն աւարտականին Միացեալ Նահանգներու խումբը 81-64 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թուրքիոյ կազմը:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն հասնելու ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է, միաժամանակ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ պէտք է բարեփոխումներ կատարուին նաեւ զանազան ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին՝ արտայայտուելու եւ դաւանանքի ազատութեան մարզերը: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ բարեփոխումները կ՛իրականացուին քաղաքական այլ կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ երկխօսութեանց ճանապարհով։ Նաեւ, Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցաբեր Ռիա Օյմեն Ռոյթըն յայտնեց, որ հանրաքուէն ցոյց կու տայ, թէ թուրք ժողովուրդը աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը կ՛ուզէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.