ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 8-10 պիտի կայանայ «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» հեքիաթասացութեան երկրորդ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն հեքիաթ պատմել՝ յատկապէս բարբառով։ Նախապատուութիւնը պիտի տրուի աւանդական-ժողովրդական հեքիաթին։
Ըստ թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանի, փառատօնին նպատակը վերականգնելն է հեքիաթասացութիւնը՝ իբրեւ բանահիւսական նիւթի մատուցման ամենակարեւոր միջոցներէն մէկը: «Անհրաժեշտ է մոռացութիւնից փրկել հայոց բարբառները, յատկապէս այն, որոնք այսօր չունեն աշխարհագրական կենսունակ հայրենիք, մասնաւորապէս՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Նախիջեւանի», նշած է Ն. Թուխիկեան՝ աւելցնելով, որ մրցոյթին մասնակցելու համար արդէն ներկայացուած են Մուսա Լերան, Շիրակի, Արցախի, Զէյթունի, Բայազէթի, Խոյի եւ այլ բարբառներով հեքիաթներ:
Նարինէ Թուխիկեանի խօսքով, փառատօնի առաջին փուլին համար մասնակիցները պիտի ուղարկեն համապատասխան հեքիաթի ձայնագրութիւնները, իսկ երկրորդ փուլ անցած լաւագոյն տասնեակի հեքիաթասացութեան հիման վրայ, համապատասխան մարզին, գիւղին կամ բնակավայրին մէջ պիտի նկարահանուի փոքրիկ տեսահոլովակ մը հեքիաթին մասին՝ հեքիաթասացին մասնակցութեամբ:
«Քանի որ փառատօնը հեքիաթին է վերաբերում, ուրեմն դրամական մրցանակները եւս պէտք է լինեն հեքիաթային: Օրինակ՝ առաջին դրամական մրցանակը կը կոչուի «Թագաւորի փոքր տղայի (կամ աղջկայ)», երկրորդը՝ «Թագաւորի միջնեկ տղայի (աղջկայ)», երրորդը՝ «Թագաւորի մեծ տղայի (աղջկայ)», նշած է Ն. Թուխիկեան, որուն խօսքով, «Թագաւորին փոքր տղայի» մրցանակը կը կազմէ 1 քսակ ոսկի (100 հազար դրամ), «միջնեկ տղայի» մրցանակը՝ 1 քսակ արծաթ (90 հազար», իսկ «մեծ տղայի» մրցանակը՝ 1 քսակ մարգարտահատիկ (80 հազար դրամ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.