ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հետաքրքրական տեղեկագիր մը հրապարակեց Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն ու այդ երկրի մօտ Ամերիկայի դեսպանի նշանակման հարցի մասին, ներկայացնելով ուշագրաւ արժեւորումներ։
Այսպէս, կը նշուի, թէ Պոլսիսը այն քաղաքն է, ուր կ՛ապրի քիւրտ ազգաբնակչութեան ամենամեծ հատուածը։ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն դէպի Պոլիս գաղթը պատճառ դարձած է, որ քաղաքի կառոյցը փոխուի եւ քիւրտ ազգաբնակչութեան թիւի յաւելումով, փոփոխութիւնները զգալի դառնան նաեւ քաղաքական ենթահողի վրայ։
Կարեւոր մատնանշում մը կայ աշխարհիկ կարգավիճակի մասին։ Կը շեշտուի, թէ այդ կարգավիճակը, որ երկար տարիներ շարունակ ի զօրու էր երկրին մէջ, հիմա վտանգի տակ է, իսլամական կազմակերպութիւններու ճնշումներուն հետեւանքով: Կը շեշտուի նաեւ, թէ ժողովրդավարական գաղափարները տակաւին բաւարար արմատներ չեն նետած երկրին մէջ:
Նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիա թէ՛ իր սահմաններուն մօտ եւ թէ սահմաններէն անդին կը ջանայ ազդեցիկ ուժ մը դառնալ եւ այս քաղաքականութիւնը երբեմն գոհունակութիւն կը պատճառէ Ամերիկայի, սակայն երբեմն այդպիսի զարգացումներ անհաճոյ կը թուին։ Ամերիկեան վարչակազմին համար կարեւոր է Իսրայէլի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ապագայի գնացքը։
Տեղեկագիրին մէջ ներառնուած միւս կարեւոր կէտը Ամերիկայի դեսպանի ու դիւանագիտական համակարգի աշխատանքն է։ Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մօտ Ամերիկա կը ներկայանայ չորս դիւանագէտներով։ Անգարայի մէջ կը գործէ դեսպանատունը, Պոլսոյ մէջ՝ աւագ հիւպատոսութիւն, Ատանայի մօտ՝ հիւապատոսարան եւ Իզմիրի մէջ՝ առեւտրական ներկայացուցչութիւն։
Կը շեշտուի նաեւ, որ Անգարայի դեսպանատան համար նոր շէնք մը գնուի, որովհետեւ ներկայ կառոյցը շատ փոքր է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.