Կարեւոր Լումա՝ Հայաստանի Մէջ Միզաբանութեան Մակարդակի Բարձրացման
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Պիտի խնդրենք, որ առանց տուրք տալու համեստութեան, ներկայացնէք այն միջավայրը, որուն մէջ հասակ նետած էք, ուսած, կրթուած ու կազմաւորուած՝ իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան: Ծնողքիս՝ Անդրանիկի եւ Արաքսիի, անդրանիկ զաւակն եմ: Իրենք զաւակներն էին Ցեղասպանութենէն վերապրած Ուրֆացի որբերու: Մեծ հայրս, մեծ մայրս, ծնողքս եւ չորս զաւակները կ՛ապրէի՛նք նոյն ընտանեկան յարկին տակ: Հայրս լաւ ճանչցուած շապկագործ էր, շատ աշխատասէր եւ իր աշխատանքով իր ընտանիքին կ՛ապահովէր բարեկեցիկ կեանք մը:
Յաճախած եմ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ սկսած մանկապարտէզէն: Դպրոցը աւարտած եմ 1967 թուականին: Եղած եմ աշակերտը Սիմոն Վրացեանին, Մուշեղ Իշխանին, Գարեգին վարդապետ Սարգիսեանին (հետագային՝ Կիլիկիոյ եւ Էջմիածինի կաթողիկոս), Հրաչ Տասնապետեանին եւ այլ լուսաւոր հայ դէմքերու, որոնք ուսումնական նիւթերէ անդին, մեզ կը դաստիարակէին ըլլալ լաւ հայ, հպարտ մեր անցեալով, ինքնավստահ մեր ներկայով եւ լաւատես Հայաստանի եւ հայութեան ապագայով:
Հասկնալի պատճառներով, մեր ընտանիքէն ոեւէ մէկը միջնակարգ ուսումէն անդին չէր անցած: Հակառակ այս իրականութեան, ծնողքիս երազն էր, որ իրենց զաւակները ստանան բարձրագոյն ուսում, որմէ իրենք ակամայ զրկուած էին: Մանաւանդ մայրս, որ աւելի բարետենչ էր եւ հպարտ իմ յաջող աշակերտ ըլլալուս համար, յաճախ զիս կը քաջալերէր ըսելով. «Տղաս, լաւ սորվիր, որ համալսարան երթաս եւ բժիշկ դառնաս…»: Այդպէս ալ եղաւ: Դժուարին քննութիւններէ ետք, ընդունուեցայ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ 1975ին աւարտեցի բժշկական կաճառը:
Իմ՝ իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ մարդ կազմաւորման մէջ, մեծ դեր խաղացած են ընտանիքս, ճեմարանը եւ այն օրերու Պէյրութի ազգային եռուն մթնոլորտը:
Մեծ հայրս՝ Գրիգորը, շատ հայրենասէր էր: Ան կը տառապէր ջարդի մղձաւանջով եւ արդարութիւն կը պահանջէր: Կը պատմէր իր եղբօր՝ Կիրակոսի մասին, որ ըլլալով Ուրֆայի ՀՅԴի կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Ուրֆայի ինքնապաշպանութիւնը կազմակերպողներէն մէկը՝ ձերբակալուած էր թուրքերուն կողմէ կռիւէն քանի մը օրեր առաջ եւ կախուած էր ուրֆացի այլ աչքառու անձերու հետ, դաժան ծեծի եւ չարչարանքի ենթարկուելէ ետք: Օրերով, այդ ահռելի տեսարանները կը մնային իմ երեխայի վառ երեւակայութեան մէջ, եւ ես ալ կը վճռէի օր մը վրէժ լուծել… Նուիրեալ դաշնակցական էր եւ ջերմ հաւատացող բարեգործութեան: Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իմ սկզբնական կազմաւորման վրայ:
Աւելի ուշ, իրենց դրական ազգային ներդրումը ունեցած են ճեմարանի իմ ուսուցիչներս, ինչպէս արդէն յիշեցի: Հոս շատ կարեւոր է նաեւ յիշել ՀՄԸՄի ազդեցիկ գործօնը հայ պատանիի ազգային կազմաւորման վրայ: Իբրեւ ՀՄԸՄի սկաուտ, պատանի հասակէս մինչեւ համալսարան երթալս, վայելեցի անմոռանալի տարիներ՝ սորվելով բարոյական եւ գործնական գիտելիքներ: Մինչեւ օրս, կը փորձեմ գործադրել «Բարձրացիր, Բարձրացուր» խորիմաստ նշանաբանը:
Երբ դարձայ համալսարանական, միացայ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան: Այս արդէն վերջին եւ մնայուն հանգրուանն էր իմ կազմաւորման իբրեւ հայ մարդ: Հետագային անցայ ՀՅԴի շարքերը, ուր կը մնամ մինչեւ այսօր:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր մասնագիտութիւնը ձեռք ձգելու աշխատանքը կը մանրամասնէ՞ք:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Բժշկական աշակերտ եղած ժամանակէն որոշեցի մասնագիտանալ միզաբանութեան (Urology) մէջ: Սիրեցի այդ նիւթը, որովհետեւ դիւրաւ հասկանալի էր ինծի, ախտաճանաչման միջոցները վստահելի էին եւ բուժման արդիւնքները լաւ: Քանի դեռ Լիբանանի մէկ չկար միզաբանական վերապատրասման ծրագիր (residency), պարտաւոր էի մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ՝ մասնագիտանալու համար: Բաւական դժուարին գործ էր, որովհետեւ արդէն 1975ին, Լիբանանի քաղաքական խլրտումները սկսած էին, եւ դժուար էր կանոնաւոր նամակագրութիւնը արտասահմանի հետ: Յարատեւ փորձերէ ետք յաջողեցայ գտնել ընդհանուր վիրաբուժութեան ծրագիր մը Օհայօ (Ohio) նահանգին մէջ: Ամերիկա մեկնեցայ 1975ի Յունիսի երրորդ շաբաթը, նորահարս Սիլվիին հետ, մեր ամուսնութենէն հինգ օր ետք՝ մեր ետին ձգելով Լիբանանի սաստկացող քաղաքացիական պատերազմը:
Օհայօ մնացինք երկու բաւական դժուարին տարիներ: Տարբեր երկիր եւ մշակոյթ, օտարութիւն, ծանր աշխատանք, որոշ թաքուն խտրականութիւն՝ օտարերկրեայ բժիշկներու հանդէպ, ահռելի կլիմայ, եւլն: Բաւական երկար բայց յամառ փորձերէ ետք, 1976ի աշնան, յաջողեցայ տեսակցութիւն մը ապահովել Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանի միզաբանական բաժանմունքի տնօրէնին հետ: Տեսակցութեան չմեկնած՝ ինծի զգուշացուցին, թէ արդէն քսանէ աւելի թեկնածուներ դիմած են այդ նոյն գործին, եւ թէ ցարդ օտարերկրեայ բժիշկ մը երբեք չէ ընդունուած նման դիրքի մը: Մինչ կը տատամսէի երթալու, Սիլվին միջամտեց ըսելով. «Եթէ չերթա՛ս, այդ մէկ առիթն ալ կը կորսնցնես»: Ալ ըսելիք չկար:
Յաջորդ շաբաթը մեկնեցայ Քալիֆորնիա: Տեսակցութիւնը, որ պիտի տեւէր 15 վայրկեան, տեւեց մէկուկէս ժամ: Միզաբանութենէ աւելի, փրոֆեսէօրին հետ խօսեցանք Լիբանանի, Հայաստանի, Սփիւռքի, հայութեան եւ այլ նիւթերու մասին: Գրասենեակը ձգեցի լաւատեսութեամբ: Երկու շաբաթ յետոյ, Քալիֆորնիայէն ստացայ նամակ մը՝ աւետելով միզաբանական վերապատրաստման երեք տարուան ծրագիրին ընդունմանս լուրը:
1977ի Յունիսի կէսերուն, հրաժեշտ տուինք Օհայոյին եւ ճամբայ ելանք դէպի Քալիֆորնիա, մեր կեանքին մէջ բանալով նոր էջ մը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր մասնագիտութիւնը կը բացատրէ՞ք:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Միզաբանութիւնը կ՛ընդգրկէ՛ արական միզային ու սեռային եւ իգական միզային հատուածներու հիւանդութիւններու հետազօտումը եւ բուժումը: Իբրեւ օրինակներ միզաբանական հարցերու, կարելի է յիշել երիկամային (քար, ջրդողութիւն, անբաւարարութիւն), ուռուցքային (երիկամունք, միզապարկ, շագանակագեղձ, ամորձիք), շագանակագեղձի բարորակ գերաճի, կիներու միզապարկի եւ կոնքային օրկաններու իջեցման, մէզի անպահութեան, արական ամլութեան, սեռային կարողականութեան թուլացման եւ այլ հարցեր:
Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, շնորհիւ արհեստագիտական (technological) յառաջդիմութեան, միզաբանութիւնը աստիճանաբար որդեգրած է նուազագոյն ներ-արշաւողական (minimally invasive) վիրաբուժական մօտեցումներ, առանց մեծ եւ ցաւոտ կտրուածքներու, եւ գերազանց արդիւնքներով:
Իմ կատարած միզաբանական գործողութիւններուն աւելի քան 90 տոկոսը կը կատարուի նուազագոյն մօտեցումով, հիւանդին ապահովելով գրեթէ անցաւ եւ շտապ ապաքինում:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ե՞րբ կազմեցիք ձեր ընտանիքը: Ձեր կողակից Սիլվին ի՞նչ դեր խաղացած է ձեր կեանքին մէջ:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Սիլվին եւ ես առաջին անգամ հանդիպեցանք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1970 թուին: Ան եկած էր Երուսաղէմէն եւ «ֆրեշմէն» էր, իսկ ես բժշկական առաջին տարուան ուսանող էի: Սկզբնական փոխադարձ համակրութիւնը շուտով փոխուեցաւ աւելի խոր զգացումներու: Մեր ուսանողական եւ նիւթական իրավիճակը առիթ չէր տար կազմելու հեռաւոր ծրագիրներ: Սակայն վիճակը յստակացաւ, երբ իմ Ամերիկա մեկնելու ծրագիրը իրականացաւ: Կատարուեցաւ հապճեպ խօսքկապ եւ ամուսնացանք իմ բժշկական կաճառը աւարտելու յաջորդ օրը: Հինգ օր ետք մեկնեցանք Ամերիկա:
1977 թուականէն ի վեր կը բնակինք Օրենճ Քաունթի: Բախտաւորուած ենք երկու զաւակներով՝ Թալին եւ Արամ: Թալինը իրաւաբան է, իսկ Արամը ունի ֆիլմերու արտադրութեան եւ առուծախի ընկերութիւն՝ երկու գործընկերներու հետ:
Մեծ եղած է Սիլվիին ներդրումը իմ անձնական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս: Իր հաղորդական եւ լաւատես բնաւորութիւնը մեծապէս օժանդակած է մեր ընտանիքի ընկերային զարգացման: Ան եղած է իմ լաւագոյն խորհրդատուն, երբ կարիքը ունեցած եմ առնելու ծանրակշիռ որոշումներ:
Ան խոր հայրենասէր է եւ հպարտ հայուհի. յատկութիւններ, զորս ժառանգած է իր Զէյթունցի ծնողներէն: Իր նախաձեռնութեամբ եւ ճիգերով կրցած է նուաճել կարեւոր դիրքեր ամերիկեան ազդեցիկ կազմակերպութիւններէ ներս (World Affairs Council of Orange County, UCI Citizens Peace Building Program, Orange County Sheriff Community Outreach Board, etc.), անոնց ծանօթացնելով հայ ժողովուրդն ու իր արդար Դատը: Նաեւ, շուրջ երեք տասնամեակ, ան զօրավիգ կանգնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ կատարելով իր community activist-ի դերը լաւագոյն ձեւով:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայաստանի հետ ձեր առնչութիւնը: Ի՞նչ կ՛ընէ՛ք այնտեղ: Ի՞նչ են Կրթական եւ առողջապահական մարզերէն ներս ձեր ներդրումները Հայաստանի մէջ:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- 1986ի աշնան ստացայ նամակ մը Սովետական Հայաստանի Սփիւոքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէէն: Կը հրաւիրէին, որ երթամ Հայաստան՝ փորձ փոխանակելու հայրենի գործընկերներուս հետ: Հրաւէրին կցուած էր քանի մը էջնոց ցուցակ մը՝ բժշկական սարքերու եւ ապրանքներու, որոնց կարիքը ունէին այդ «փորձի փոխանակումը» կարելի դարձնելու համար: Պատգամը յստակ էր, թէ օգնութեան կարիքը ունէին:
Միշտ երազած էի երթալ Հայաստան, բայց առիթը չէի ունեցած: Ու յանկարծ՝ այս անսպասելի հրաւէրը: Որոշումս չուշացաւ: Ընդունեցի հրաւէրը:
Ապրիլ 1987ի կէսերուն, Սիլվիին եւ մեր երկու փոքր երեխաներուն հետ ճամբայ ելանք դէպի Երեւան: Հետս կը տանէի 18 մեծ արկղներ, որոնք կը պարունակէին բժշկական սարքեր եւ ապրանքներ, զորս ապահոված էի տեղական հիւանդանոցներէն, եւ երբեմն ալ անձնական միջոցներով՝ նախորդող ամիսներուն ընթացքին:
Յաջորդ տասը աշխատանքային օրերը եղան պատմական օրեր: Օրական 15-18 ժամ կ՛աշխատէինք: Նպատակս էր իրենց սորվեցնել ներմիզուկային ճանապարհով շագանակագեղձը հեռացնելու եղանակը, որ տակաւին չէր կատարուած Հայաստանի մէջ: Իրականացան մօտ 60 դէպքեր, սկիզբը՝ իմ կողմէ, ապա քանի մը օր ետք՝ տեղացի միզաբաններ սկսան արդէն կիրարկելու նոր եղանակը՝ իմ հսկողութեան տակ:
Այդ առաջին այցը բացաւ փայլուն էջ մը Հայաստան-Սփիւռք անկեղծ եւ անշահախնդիր գործակցութեան՝ միզաբանական բնագաւառէն ներս, ինչ որ կը շարունակուի 23 տարիներէ ի վեր: Անցեալ երկու տասնամեակներուն արձանագրուած է հսկայական յառաջդիմութիւն: Այսօր, միզաբանութիւնը կը համարուի Հայաստանի ամենազարգացած մասնագիտութիւններէն մէկը: Այսօր հայ քաղաքացին Հայաստանի մէջ կը ստանայ արեւմտեան չափանիշներ գոհացնող միզաբանական խնամք: Ուրախ եմ, որ ընդունեցի Սփիւռքի կոմիտէին հրաւէրը օրին:
Գալով կրթական մարզին մէջ մեր ներդրումներուն՝ Սիլվին եղած է այդ ծրագիրի պատասխանատուն: Ան գրեթէ ամէն տարի, անցեալ քսան տարիներու ընթացքին, այցելած է կարիքաւոր դպրոցներ՝ անձնապէս յանձնելու նուիրուած գումարներ ուսուցիչները գնահատելու համար կամ յատուկ ծրագիրներու իրականացման համար: Հոս պէտք է երախտապարտութեամբ յիշել Օրենճ Քաունթիի Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան անունը, որ տարիներու ընթացքին նուիրած է աւելի քան 120,000 տոլար՝ հայ ուսուցիչներու օժանդակութեան եւ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու նորոգութեան համար:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մասնագիտական ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք ներկայիս: Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Այս տնտեսական դժուար օրերուն, ամենամեծ մարտահրաւէրը դիմանալն է՝ իբրեւ անձնական գործ ունեցող (private practice): Ամէն կողմէ կան ճնշումներ, որոնք աւելի կը բարդացնեն արդէն իսկ դժուար վիճակը: Օրինակի համար, նոր եւ դժուար կիրարկելի պետական կամ նահանգային օրէնքներ, փաստաբաններու կողմէ բացուող շատ յաճախ արժէք չունեցող դատեր, բժշկական վճարումներու անդադար անկում, գիներու բարձրացում, եւլն: Այս բոլորին հետեւանքը կրնայ ըլլալ մասնագէտներու վաղահաս աշխատանքի կասեցումը (early retirement), որ կրնայ ստեղծել մասնագիտական մարդուժի պակասի ահազանգային վիճակ, մանաւանդ Քալիֆորնիոյ մէջ:
Ուրիշ մարտահրաւէր մը՝ զուտ արհեստվարժական է: Այս օրերուն, եթէ մասնագէտը քայլ չպահէ բժշկական նորութիւններու հետ՝ ստանալով պարբերական վերապատրաստում, որ կը պահանջէ ժամանակ եւ ծախս, ան կը դառնայ անմրցունակ եւ կրնայ զոհ երթալ աւելի մեծ եւ ժամանակակից մրցակիցներու: Ասիկա արդէն տեղի կ՛ունենայ որոշ տեղեր:
Անմիջական ծրագիրներ չունի՛մ առ այժմ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ բժիշկներու ներդրումը ազգային կեանքին մէջ՝ ընդհանրապէս:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Իբրեւ լաւ պատրաստուած եւ զարգացած արհեստավարժներ, շատ փափաքելի պիտի ըլլար, որ աւելի մեծ թիւով հայ բժիշկներ իրենց թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական ներդրումը ունենային մեր ազգային կեանքին մէջ: Նոյն փափաքը կարելի է յայտնել Հայաստանի օժանդակելու կապակցութեամբ հայ բժիշկներու ներդրումին մասին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իբրեւ բուժելու տրամադրութեամբ շրջապատը դիտող՝ վերանալու արժանի ի՞նչ հասարակական ախտանշաններ կը տեսնէք մեր համայնքին մէջ:
Կ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ.- Մեր համայնքը մէկ կարեւոր մասնիկն է հայկական Սփիւռքին, եւ ունի հզօր կարողականութիւն: Դժբախտաբար, այս համայնքը կազմուած է բազմաթիւ mini-համայնքներէ, որ կը գործեն իրարմէ բոլորովին անկախ: Կայ անիմաստ մրցակցութիւն, կրկնութիւն եւ նիւթական վատնում, մանաւանդ մեր կրօնական համակարգէն ներս: Օրինակի համար, տասնեակ միլիոն տոլարներ կը ծախսուին կառուցելու հսկայ տաճառներ, մինչ այդ նոյն գումարները կրնային փրկարար դեր խաղալ, եթէ յատկացուած ըլլային նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ համայնքային այլ անյետաձգելի պէտքերու:
Ըստ իս, միակ լուծումը այս անմխիթար վիճակին վերջ դնելու համար այն է, որ պէտք է ունենանք համագաղութային ծրագիր մը, որ կը ղեկավարուի բարձրագոյն գործադիր մարմինի մը կողմէ: Հայաստանի եւ Արցախի իրականութիւնը մեզի պէտք է պարտադրէ աւելի աչալրջութիւն, միասնականութիւն եւ գործակցութիւն:
Dr. Garo Tertzakian is a Great Man, Doctor, Urologist… and finally Great Armenian.
It is honor to know him. Thank you Garo.
On behalf of staff of department of Urology of Medical Center St.Nerses the Great, Yerevan and not only…
Dr. Karo Derdzakian (excuse my East-Armenian spelling) is a typical Doctor from fairy tales: knowing, loving, caring. He is able to heal not only your body, but the soul as well. He treats you not as a mere patient, but as a member of his large family which includes all Armenian Nation. Good article, good interview. Thanks.