ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 8ի երեկոյեան ժամերուն, Հայաստան մասամբ զրկուած է համացանցէն օգտուելու հնարաւորութենէն:

Շնորհիւ վրացական մասնագէտներու «որակեալ» աշխատանքին, համաշխարհային սարդոստայնը անհասանելի դարձած է Երեւանի շատ տարածքներու մէջ։
Նշենք, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, երբ Վրաստան մեծ մասնագիտութեամբ Հայաստանը կը զրկէ համաշխարհային ցանց մուտք գործելու հնարաւորութենէն, եւ յստակ չէ, թէ ի՞նչ է ասոր պատճառը։