
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» օրաթերթը իր Ուրբաթ, Յունիս 4ի թիւով անդրադարձած է 2007ին Արազ Արարատեանի կողմէ հաստատուած HyeFighters.com համացանցային կայքին, որ արդէն իսկ յատկանշական ներդրում բերած է մարտարուեստի զանազան մարզաձեւերու հետեւող հայ մարզիկները շրջանին եւ ինչու չէ նաեւ՝ ամբողջ աշխարհին ծանօթացնելու գործին մէջ:
Արազ Արարատեանի բնութագրումով, համացանցային կայքը եղած է սիրոյ արգասիքը եւ հետաքրքրականօրէն, կայքին հետ աճած է նաեւ հայ մարզիկներուն ազդեցութիւնը եւ ներկայութիւնը մարտարուեստին մէջ:
Ներկայիս, ամսական աւելի քան 10,000 իւրայատուկ այցելու կը հետեւի «HyeFighters.com»ի լուրերուն, իսկ կայքը, որ նախնական օրերուն միայն ժամանակացոյցեր ու տարրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէր, դարձած է լսատեսողական տեղեկութեանց կարեւոր աղբիւր մը՝ միաժամանակ հանդիսանալով կարեւոր կապ մը սոյն մարզաձեւերու սիրահարներուն եւ մարզիկներուն միջեւ:
Մարզիկները եւս կը յայտնեն, թէ երբ այլ հայ մարզիկներու վերջին նորութիւններով հետաքրքրուին, իրենց առաջին աղբիւրը «HyeFighters.com» համացանցային կայքն է:
Հետաքրքրական է նաեւ այն իրողութիւնը, որ 1972ին Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած Արազ Արարտեանը ոչ մէկ առիթով անձնապէս հետեւած է մարտարուեստի, եւ միայն վերջերս ան սկսած է հետաքրքրուելու այդ մարզաձեւով: Հետքրքրութեան խթանը հանդիսած են անոր զաւակները, երբ անոնք սկսած են հետեւելու Կլենտէյլի «Ֆայթինկ քլապ»ի փորձերուն:
Արարատեան նաեւ ձրիաբար պատրաստած է կարգ մը մարզիկներու համացանցային կայքերը՝ նպաստելով անոնց քարոզչական արշաւներուն: