
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի հանրապետական ներկայացուցիչներու ղեկավար Մարթին Կերիքի հետ, ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ խորհրդակցելու նպատակով:
Կերիք մատնանշած է, թէ հայ համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի յատկապէս Քալիֆորնիոյ մէջ, միաժամանակ աւելցնելով, թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը փափաքի աւելի սերտ գործակցութիւն հաստատել ամերիկահայերու հետ եւ այդ մէկը իրականացնելու կարելիութիւնները քննուած է խորհրդակցութեանց ընթացքին:
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, իրենց կարգին մատնանշած են, թէ այս տարուան ընտրութեանց ընթացքին քալիֆորնիահայութիւնը շարք մը կարեւոր ընտրապայքարներու ընթացքին կրնայ որոշիչ դերակատար ըլլալ: