ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Դեռ չեմ տեսել ծովս Վանայ,
Չեմ տեսել սարն իմ Սիփանայ.
Ախ՜, աշխարհում քարեր կան շատ,
Ուրիշ մարմար սարեր կան շատ,
Բայց Մհերի քարն է քաշում
Ինձ Սիփանայ սարն է քաշում։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Համաշխարհային խճանկարի վրայ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողքին իր ուրոյն տեղն է գրաւած Հայ օգնութեան միութիւնը, որ կ՛արտայայտէ աշխարհացրիւ, օտար հորիզոններու տակ թափառող ու հայրենիքի սիրով այրուող տարագիր հայութիան յոյզերն ու ապրումներ։
Եղեռնի յորձանուտին մէջ կորսուած իրենց ծննդավայրին քաղցր յուշն ու յիշատակը վերանորոգելու եւ պապենական օճախին կայծը վառելու, սէրը բորբոքելու նորահաս սերունդին սիրտէն ներս, զայն առաւել եւս կապելու համար իր տոհմիկ արմատներուն, ՀՕՄը Հայաստանի աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը խտացուցած է իր մասնաճիւղերու անուններուն մէջ, որոնք կը յուշեն մեզ դարաւոր ու Աստուածակառոյց մեր հայրենի երկիրն ու հայոց պատմութիւնը՝ իր մշակոյթով, հաւատքով ու հանճարով յորդուն գեղեցկութեամբ, որոնք նաեւ իմաստ ու համեմունք աւելցուցած են ՀՕՄի գործունէութեան։
Այս նշանակալից տարուան ընթացքին, ակամայ երեւակայութեանս մէջ կը դեգերեմ հայոց սիգապանծ լեռներուն՝ Հայաստան, ապա միտքս կը սաւառնի յետ եղեռնեան հայկական գաղութներ՝ Լիբանան ու Կլենտէյլ, ուր կ՛արտացոլէ հայ գաղթականին ճակատագիրը։
Հայը այստեղ է… չկայ իր աշխարհը, չկայ իր այգին ու պարտէզը, լեռն ու գետը, կայ միայն երգը.
Սիփան սարը Մասիսի պէս
դիւթական,
Վանայ ծովի ափին զարկուած վրաններն են հայկական։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Ու հայեր վրաններ կապեցին օտար երկնքի տակ, կառուցուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, մշակութային կեդրոններ, գործի լծուեցան կուսակցական, բարեսիրական կազմակերպութիւններ։
Այսօր, սրտի անհուն բերկրանքով կը շեշտեմ ՀՕՄի ընկերուհիներու նուիրեալ գործունէութիւնն ու տարածումը եւ անոր 26 մասնաճիւղերէն կը զատեմ Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը, որուն տարեդարձը կը տօնուի քանի մը օրէն։
35 տարիներ, 35 ամեակ… հայ ազգի արժանապատուութիւնը վերհաստատելով անդադար գործած ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը գոյատեւած է ընկերուհիներու աննկուն կամքով, երբեմն յուզումով ու գոհունակութեամբ եւ ապագայի վառ ծրագիրներով։
Ընկերուհիները յաճախ կը մոռնան ընտանեկան պարտականութիւնները, երբեմն թերի ձգած են զանոնք, որ միայն լիուլի կատարեն կամաւոր աշխատանքը՝ ազնուօրէն փարուելով ազգապահպանման գործին։
Իր տարեդարձին առիթով, նորակառոյց «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնին մէջ շարունակելով ծառայութեան երթը՝ մասնաճիւղը կ՛ամփոփէ գեղեցիկ յոյզեր ու ապրումներ, կ՛աթննցնէ յուշեր, դէպքեր ու անուններ՝ հիմնադիրներէն մինչեւ նորագիրները։
2010 թուական։ Պատահական չէ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, տարին հռչակեց «Հայ Կնոջ տարի», որ կը զուգադիպի ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակին։ Ամփոփագիր մը հարիւր տարուան. ՄԷԿ ԴԱՐ, բացառիկ իրագործում հայ կեանքէն ներս։
100ամեայ տարեդարձ մը մարդկային կեանքի մէջ կը նշանակէ ծերութիւն, սակայն այս խօսուն թուականով, բայց երիտասարդ, առողջ ՀՕՄի կազմակերպութիւնը արմատներ նետած ու ճիւղաւորուած մասնաճիւղերով ու կամաւոր ընկերուհիներու փաղանքով՝ կարգապահ ու հաւատքով կը շարունակէ իր ուխտը դէպի պայծառ ապագայ։
100ամեայ բերքով կը ներկայանայ ՀՕՄը, անոր արժէքը անգին է։
Յարատեւութիւն եւ յառաջդիմութիւն՝ սիրելի ՀՕՄական ընկերուհիներ։
Բարի տարեդարձ՝ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին։
Բարի տարեդարձ՝ ՀՕՄի հարիւրամեայ հայրենանուէր գործունէութեան։