ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Յունիս 9ը պոլսահայ համայնքին համար իւրայատուկ օր մըն էր, որովհետեւ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարուհի Նիմեթ Չուպուքճու հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ համայնքին վարժարաններու տարեվերջի միացեալ հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի եկեղեցւոյ «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ։ «Պէզճեան» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, դրօշակներով շարք կազմած էին՝ դիմաւորելու համար նախարարը։ Տեղական լրատուական միջոցները եւս խճողած էին շրջանի թաղերը, ուր համայնքային վարժարաններէն հարիւրաւոր աշակերտներ, իրենց տնօրէններու եւ ուսուցիչներու հսկողութեամբ, լեցուցած էին սրահը:
Նախարար Չուպուքճու, Պոլսոյ կրթական տնօրէնի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ ժամանեց եւ դիմաւորուեցաւ վարժարանի մուտքին։ Աշակերտներ ուրախ պոռչտուքներով ու բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին նախարարը, որուն կողքին տեղ գրաւեցին միւս հիւրերն ու Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ պարբերաբար բացատրութիւններ կու տար նախարարին։
Խօսք առաւ «Տատեան» վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ նախ կանգ առնելով կրթութեան եւ դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ՝ պարզեց Պոլսոյ պատմական արժէքը, ողջունեց բարեկարգումները՝ փոքրամասնական վարժարաններու ուղղեալ, եւ յայտնեց, թէ դասագիրքերու պետութեան կողմէ անվճար կերպով տրամադրուելու քայլը որդեգրուած այդ բարեացակամութեան ցայտուն մէկ արտայայտութիւնն է։
Նախարար Չուպուքճու իր սրտին խօսքը արտասանեց՝ ընդգծելով, որ փոքրամասնական վարժարաններու հարցերը ծանօթ են իշխանութիւններուն եւ աշխատանք կը տարուի յաւելեալ բարեփոխումներ իրականացնելու համար: Ան ըսաւ, որ վարժարանները ձրիաբար կը ստանան թրքերէնի եւ Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերը, եւ բացի ատկէ, պետական միջոցներով հայերէնով դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքը մեծ թափով կը շարունակուի ու մօտիկ ապագային աշակերտները այդ գիրքերը եւս ձրիաբար պիտի ստանան:
Միւս կարեւոր հարցը մայրենի լեզուի դասաժամերն էին. նախարարը նշեց, թէ վարժարաններու պատասխանատուները իրե՛նք պիտի որոշեն մայրենի լեզուի դասաժամերու թիւը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ուսուցիչներու համար արտօնուած է շաբաթական մինչեւ 30 ժամ դասաւանդութիւն կատարել, հայերէնի ու կրօնքի դասերու համար ալ նոր կարգադրութիւններ եղած են ու համալսարաններէ այն շրջանաւարտները, որոնք դասաւանդելու իրաւունք ունին, կրնան հայերէն կամ կրօնք դասաւանդել։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ բոլորի փափաքն է, որ երկրի մէջ կրթուին խաղաղասիրութեամբ տոգորուն ու լայնախոհ գաղափարներու տէր երիտասարդներ։
Այնուհետեւ բեմը յանձնուեցաւ աշակերտներուն եւ 11 վարժարաններէ աշակերտական երգչախումբեր ու պարախումբեր, նաեւ արտասանող պատանիներ, գլխաւորաբար հայերէնով, ներկայացուցին հայ մշակոյթը ու լի ու լի ծափեր խլեցին թէ հիւրերէն եւ թէ իրենց հարիւրաւոր տարեկիցներէն։
Հանդէսի երկրորդ բաժինով բեմ հրաւիրուեցան ու հրապարակաւ ծափահարուեցան համայնքային վարժարաններու այն աշակերտները, որոնք յաջողութիւններու հասած էին Թուրքիոյ տարածքին կամ միջազգային տարողութեամբ կազմակերպուած զանազան մրցումներու մէջ։
Հանդէսի վերջաւորութեան, մէկ առ մէկ յայտարարուեցան նաեւ վարժարաններու լաւագոյն աշակերտներուն անունները եւ անոնք վկայագիրներ ստացան նախարար Չուպուքճուի ձեռամբ։
Լաւագոյն աշակերտներու հետ միասին բեմ հրաւիրուեցան նաեւ բոլոր վարժարաններու տնօրէնները եւ համայնքային վարժարաններու անունով նախարարին յանձնուեցաւ նկար մը, ուր պատկերուած էին հայկական թերթերու խորհրդանշաններն ու վարժարաններու անունները։
Նախարարը ապա անցաւ Պատրիարքարան, ուր յատուկ ընդունելութիւն մը պատրաստուած էր: Նախարարը դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ խորհրդասենեակ, ուր յատուկ հանդիպում մը կայացաւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու մասնակցութեամբ։ Արամ սրբազան յիշեցուց, որ իշխանութիւններու կողմէ վերջին շրջաններուն կարեւոր քայլեր կ՛առնուին փոքրամասնական հարցերը սեղանի վրայ դնելու եւ անհրաժեշտ լուծումներ փնտռելու ուղղութեամբ։ Առիթը յարմար նկատելով՝ Արամ սրբազան արտայայտուեցաւ չորս կարեւոր հարցերու մասին, որոնք անմիջականօրէն կ՛առընչուին կրթութեան նախարարութեան հետ եւ մեծ կարեւորութիւն ունին համայնքի համար. անոնք էին՝ հայկական վարժարաններու համար թրքերէնի եւ Թուրքիոյ պատմութեան դասանիւթերու որակաւոր ուսուցիչներու նշանակում, պետական օգնութեան յատկացում, թուրք փոխտնօրէնի փոխարէն հայ փոխտնօրէնի նշանակում ու հայաստանցի փախստական երեխաներու ուսման հարցը։
Ան այս հարցերուն մասին մեկնաբանութիւններ ըրաւ՝ ընդգծելով, որ հայ վարժարանները նախապէս պետական օժանդակութիւն կը ստանային, սակայն յետոյ այդ դրութիւնը ջնջուեցաւ։ Փոխտնօրէններու նշանակման մասին խօսելով՝ ան նշեց, որ որոշումը մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ, քանի որ անվստահութեան հարց մը մէջտեղ կ՛ելլէ։ Գալով հայաստանցի փախստականներուն՝ ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութիւններուն, որոնք բարեացակամ վերաբերում ցոյց կու տան հոս առժամաբար գտնուող հայաստանցիներուն, բայց ըսաւ, որ եթէ այդ երեխաները դպրոց չերթան ու կրթութիւն չստանան, ապա անոնց ապագան ալ վտանգի տակ պիտի ըլլայ:
Չուպուքճու ծանրացաւ գլխաւորաբար հայ փախստական երեխաներու հարցին վրայ եւ վստահեցուց, թէ հայերէն դասագիրքերու տպագրութեան գործը կը մօտենայ իր աւարտին, աւելցնելով, որ փոխտնօրէններու հարցն ու ընդհանրապէս փոքրամասնական վարժարաններու դիմագրաւած այլ հարցերը ներկայիս քննութեան նիւթ կը դառնան պատկան մարմիններու կողմէ:
Անդրադառնալով հայաստանցի փախստականներուն՝ ան շեշտեց. «Կարգավիճակը յայտնի է եւ այդ դրութիւնը միայն մեր երկրին յատուկ բան մը չէ. աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ ապօրինի գաղթականները նոյն հարցերը կը դիմագրաւեն ու դժբախտաբար այս մէկը շատ դժուարալոյծ հարց մըն է։ Եթէ նոյնիսկ այդ երեխաներուն «ժամանակաւոր գաղթական»ի կարգավիճակ տրուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ծնողներուն հարցը. չէ՞ որ պետութիւնը իրաւունք ունի որեւէ պահու արտաքսելու զանոնք, եթէ նոյնիսկ հայաստանցիներու համար այդպիսի անջատ կարգադրութիւն մը կատարուի, միւս ապօրէն փախստականներն ալ նոյնը պիտի պահանջեն»: Ի վերջոյ, նախարարը շեշտեց, որ եթէ համապատասխան որոշում մը ընդունուի, ապա այդ հայաստանցիներուն պիտի արտօնուի միայն թրքական վարժարանի մէջ ուսանիլ՝ հիւր աշակերտի կարգավիճակով:
«Մաղթելի է անշուշտ, որ նախարարին եւ կառավարութեան այս հետաքրքրութիւնը մէկ անգամուան համար չըլլայ, շարունակուի եւ լուծումներ գտնուին լուծման կարօտ ինչ-ինչ հարցերու համար, որոնցմէ մէկն է հայաստանցի տղոց ուսման հարցը», կը գրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.